2017-01-27 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աստուծաբանական խառն յանձնախումբի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 յունուարի՝ կէսօրին, Վատիկանի ''Քլեմենթինա'' դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները որուն մաս կը կազմեն եւ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեան առաջնորդ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Արհ Լեւոն Եպիսկոպոս Զէքիեան` Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ։   

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը  անդրադառնալով  Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբին, անցեալ տարի՝ 2016-ին, կատարած ուսումնասիրութեան՝ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մասին, նշեց, թէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ է, որ կը  բացայայտուի քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդութիւնը, եւ հրաւիրեց Կաթողիկէներն ու Արեւելքի օրթոտոքսները կրկնել Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներուն ուղղած  խօսքը ՝՝որովհետեւ ամէնքս մկրտուած ենք միեւնոյն Հոգիով, կազմելու համար մէկ մարմին” (Ա Կորնթ 12,13)

Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ՝ անդրադարձաւ աստուածաբանական խառն յանձնախումբին այս շաբթուան ընթացքին քննարկած նիւթին՝ Սուրբ Հաղորդութեան աստուածաբանական, պատմաբանական ինչպէս նաեւ եկեղեցաբանական երեւոյթներուն, ու մէջբերեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովէն բխած  ''Lumen gentium'' փաստաթուղթէն հետեւեալ հատուածը ''Սուրբ Հաղորդութիւնը, գագաթնակէտն ու ակնաղբիւրն է քրիստոնէական կեանքին'' ապա քաջալերեց  ներկաները յարատեւելու իրենց աշխատանքներուն մէջ,  յոյս յայտնելով,  որ սոյն աշխատանքը կարենայ  ցոյց տալ այն թանկագին ճանապարհը որ կը տանի եւ կը դիւրացնէ ուղեւորութիւնը դէպի այն սպասելի օրը, ուր պիտի ստանանք շնորհքը  միեւնոյն խորանին վրայ Տիրոջ զոհը մատուցելու, որպէս նշան եկեղեցական հաղորդութեան։

՝՝Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամները կը մասնակցին ցաւին՝՝ (Ա Կորնթ 12,26)։ Մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի յիշեալ  խօսքը , սրբազան Հայրը ըսաւ .՝՝Ձեր  ցաւերը, մեր ցաւերն են։ Աղօթքով ձեզի կը միանամ,  հայցելով, որ  վերջ գտնեն հակամարտութիւնները, հայցելով Աստուծոյ մօտիկութիւնը խոցուած ժողովուրդին նկատմամբ, մասնաւորապէս՝  մանուկներուն, հիւանդներուն եւ տարեցներուն հանդէպ։

Յատուկէն սիրտիս մէջ կը կրեմ եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորները, հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք պատանդ վերցուած եւ ստրկութեան մատնուած են։ Թող, որ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար,  զօրեղ աջակցութեան աղբիւր ըլլայ մեր անթիւ մարտիրոսներուն ու սուրբերուն բարեխօսութիւնը­  ու անոնց կեանքի օրինակը,  որոնք քաջութեամբ վկայեցին  Յիսուս Քրիստոսը։

Մարտիրոսները մեզի ցոյց կու տան մեր հաւատքի սիրտը,  որ  չի կայանար պարզապէս խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պատգամին մէջ այլ՝ միեւնոյն Քրիստոսի՝ խաչեցեալ  եւ  Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ` որ է մեր խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը,  ըսաւ Սրբազան Հայր ընդգծելով, որ քրիստոնէական կեանքի կեդրոնը,  սիրոյ համար մեռնող ապա  Յարութիւն առնող Յիսուսի  խորհուրդն  է, որ է նաեւ ամբողջական միութեան ուղեւորութեան հայեցակէտը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ ՝՝Մարտիրոսները, անգամ մը եւս մեզի  ցոյց կու տան  ուղին։  Քանի´ անգամներ կեանքի զոհողութիւնը առաջնորդեց  քրիստոնեաները՝ որ ըլլան մի։  Մարտիրոսները, սուրբերը, բոլոր եկեղեցիներու  աւանդութիւնները արդէն Քրիստոսի մէջ մէկ են։ Անոնց անունները արձանագրուած են միակ եւ անբաժանելի Աստուծոյ եկեղեցւոյ մարտիրոսներու պատմութեան մէջ։ Մարտիրոսներու եւ սուրբերու կեանքը՝ մեզի շնորհուած որպէս պարգեւ,  հրաւէր է հաղորդութեան,  հրաւէր  աւելի արագ ընթանալու  դէպի ամբողջական միութեան տանող ուղիին վրայէն։  Ինչպէս եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին, մարտիրոսներու արիւնը  նոր քրիստոնեաներու սերմը եղաւ, այսպէս ալ այսօր՝ թող մեր մարտիրոսներու սերմը հանդիսանայ  հաւատացեալներու միջեւ միութեան սերմը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց  իր երախտագիտութիւնը յայտնելով յանձնախումբին կատարած աշխատանքներու համար ու հայցելով Աստուածամօր հովանին անոնց շնորհեց Տիրոջ օրհնութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.