2017-01-27 10:19:00

Ղարաբաղը հայկական կեդրոն է, որ Մոսկուան տուաւ Պաքուին Թուրքիոյ պահանջքով


ԱՄՆ Կենտրոնական հետախուզական վարչութիւնը գաղտնազերծած է մօտ 13 միլիոն փաստաթուղթեր, որոնց մէկ մասը կը վերաբերին հայերուն, Հայաստանին եւ սփիւռքին:

1988 թուականի Օգոստոս 1-ին հրապարակուած «Խժդժութիւններ Կովկասի մէջ ու ազգայնականութեան մարտահրաւէրը» զեկոյցին մէջ մանրամասն կը նկարագրուին Երեւանի, Պաքուի, Ստեփանակերտի մէջ ցոյցերը, ժողովրդագրութեան իրավիճակը, Սումգայիթի ջարդը, երկու հանրեպատութիւններուն ու Մոսկուայի մէջ տրամադրութիւնները, անդրադարձ կը կատարուի հայ բնապահպաններու` Մեծամորի հիւլէակայանը, «Նաիրիտ»-ը ու Քանաքեռի ալիւմինի գործարանը փակելու պահանջներուն, աւելի վաղ ժամանակաշրջանին մէջ հայ-ատրպէյճանական բախումներուն:

Կը նշուի, որ տարածաշրջանի խորհրդայնացման պահուն Մոսկուան հակուած էր միացնելու Ղարաբաղը Հայաստանին, սակայն այնուհետեւ` Թուրքիոյ ճնշման տակ, յանձնեց զայն Ատրպէյճանին: «Թուրքիան չէր ուզեր սահմանին մեծ հայկական պետութիւն տեսնել», – կը նշուի նամակին մէջ: 1921 թուականին Լենինը կը համաձայնի «փաքրացնել Հայաստանի տարածքը», իսկ 1923-ին Սթալինի որոշումով Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը վերջնականապէս կը յանձնուին Ատրպէյճանին:

Հայերը կը վախնային, որ Ղարաբաղը կը կրկնէ Նախիջեւանի ճակատագիրը. Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 1914-1979 թուականին հայկական բնակչութիւնը Նախիջեւանի մէջ նուազած է 52%-էն մինչեւ 1.4%:

Երբ 1988 թուականի Փետրուարին ճգնաժամը թափ առաւ, թուրք պաշտօնեաները յայտարարեցին, որ «ձայնի իրաւունք» ունին հայ-ատրպէյճանական տարածքային վէճերու հարցով` յղում ընելով 1321 թուականի Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրներուն: Կը նշուի, որ թուրքերը կը վախնային, որ Ղարաբաղի միացումը կրնար մեծցնել հայերու «ախորժակը» ու դրդել զանոնք Թուրքիոյ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու: Այնուամենայնիւ, ԿՀՎ փորձագէտներու նկարագրմամբ, Թուրքիան էական դեր հակամարտութեան մէջ 1988-ի վերջը չէր խաղար:

Ղարաբաղը կը նկարագրուի իբրեւ «հայկական մշակութային ու կրօնական կեդրոն»: Զեկոյցին հեղինակները կը յիշեցնեն, որ տարածաշրջանը դարերէ ի վեր կը գտնուէր հայկական իշխանութեան ներքոյ` նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ մնացած հայկական տարածքները Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ էին: Միաժամանակ կը նշուի, որ անիկա բազմաթիւ ատրպէյճանցի երգահաններու ու գրողներու հայրենիքն է:

Ատրպէյճանցիներու թշնամական վերաբերմունքը հայերու նկատմամբ կ՛աճէր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական զարգացման տարբերութեան աճին զուգահեռ: Իբրեւ թշնամանքի մէկ այլ պատճառ զեկոյցի հեղինակները կը նշեն այն, որ Ատրպէյճանի մէջ բարձր ծելիութիւն էր, սակայն երիտասարդներուն չէին կրնար ապահովել բնականոն աշխատանքով ու տուներով: Կեանքէն հիասթափութիւնը կը բերէր հայերի հանդէպ թշնամանքի աճին: Կը նշուի նաեւ, որ 80-ականներու վերջին տարիներուն ատրպէյճանցիներու իշխանութիւնը Մոսկուայի մէջ կը տկարանար, անոնք կը զրկուէին բարձր պաշտօններէ, երբ հայերու կշիռը բարձրագոյն ղեկավարութեան մէջ կ՛աճէր, ինչ որ եւս վախեր կ՛առաջացնէր ատրպէյճանցիներու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.