2017-01-27 10:15:00

Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակի օր


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ 27 յունուար 2017-ին,  կը նշուի Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակի օրը։

Վերոյիշեալ յիշատակի օրը որդգեգրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Մինչ՝ Իտալիոյ  խորհրդարանի կողմէ հիմնուած է 2000 թուականին, յիշատակելու համար Հրէաներու ողջակիզումը, անոնց կրած հալածանքները, Իտալացի ժողովուրդը, որոնք բռնի տեղահան եղան , բանտարկուեցան եւ մահացան։

Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակումի օրը կազմակերպուած է, նաեւ յիշելու համար բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով հանդերձ հակառակեցան ցեղասպանութեան ծրագրին, պաշտպանեցին եւ փրկեցին անթիւ հալածուածներու կեանքը։

Հրէաներու ողջակիզումի՝ Եւրոպայի մէջ յիշատակումի,  որպէս օր ընտրուած է,  Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանումի  օրը՝ 27 յունուար 1945-ին ։

Այս առթիւ, Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն  մէջ տեղի կ՝ունենան  դասախօսութիւններ, կը կատարուին կազմակերպուած այցելութիւններ թանգարաններու եւ հրէական տաճարներուն, ի մասնաւորի  դպրոցնրեու մէջ զրոյց հանդիպումներ կը կատարուին, խօսելու համար հրէա ժողովուրդին պատահած տխուր դէպքին  մասին, որպէսզի  ապագային , նման բան մը  դարձեալ  չի կրկնուի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.