«Յոյսը կ’ապրի, երբ մարդիկ կը յիշեն». այս կարգախօսով կ’առաջնորդուի Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը, որուն նախաձեռնութեամբ 2007-ին սպաննուած պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս» հայկական պարբերականի նախկին խմբագրատունը կը վերածուի «Յիշողութեան անկիւնի»: Այստեղ մարդիկ կը կարենան գտնել Տինքը եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու պայքարին հետ կապուած տարատեսակ գրականութիւն, լուսանկարներ, կ’իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ քննարկումներ:
Ինչպէս tert.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ հիմնադրամի պաշտօնական կայքը` «Այս գրասենեակը «Ակօս»-ի հիմնադրման առաջին իսկ օրուընէ հազարաւոր մարդոց համար յոյսի եւ վերափոխման վայր դարձած էր»: Նոյն այս խմբագրատան դիմաց սպաննուած է Տինքը 2007-ի Յունուար 19-ին: Տինքի մահէն ետք անոր ընտանիքին կողմէ հիմնուած հիմնադրամի աշխատակիցները այժմ յոյս ունին, որ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրութիւնը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ իրականացնել իր կարեւոր առաքելութիւնը եւ մնալ «յոյսի անկիւն»:
Նշենք, որ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Օսմանպէյ պողոտային վրայ գտնուող «Ակօս»-ի հին խմբագրատան տարածքը իբրեւ խմբագրութիւն ծառայած է 1999-էն մինչեւ 2015 թուականը.:
All the contents on this site are copyrighted ©. |