2017-01-26 11:05:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 26 Յունուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 26 Յունուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Չիլէի հանրապետութեան մօտ պապական նուիրակը գերապայծառ Իվօ Սքափոլոն, ապա ընդունեց Ռումանիոյ մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Միկել Մաուրի Պուէնտիա որմէ ետք` 10,40-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Քամպոճայի եւ Լաոսի եօթը եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Քամպոճիայի թագաւորութիւնը ունի 181,035 քմ քառակուսի տարածք եւ 15 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը` 95 առ հարիւրը, Պուտտայական կրօնի կը պատկանի մինչ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան միայն 0,15 առ հարիւրը, գրեթէ 22 հազար հաւատացեալ։

Իսկ Լաոսի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութիւնը ունի 236,800 քմ քառակուսի տարածք ու 6 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Պուտիստներ են մինչ քրիստոնեաները  բնակչութեան 2 առ հարիւրը կը կազմեն որոնցմէ 0,7 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Քամպոճիայի եւ Լաոսի կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը կազմուած է Քամպոտիայի մէջ մէկ փոխանորդական աթոռէ եւ երկու առաքելական կուսակալութիւններէ մինչ Լաոսը ունի չորս առաքելական փոխանորդութիւններ որոնք հիմնուած են միսիոներական շրջանին։ 

Եպիսկոպոսական համահաւաք միացեալ դասը կազմուած է միայն եօթը եպիսկոպոսներէ, անոր նախագահն է գերապայծառ Օլիվիէ Շմիտհաուսլէր։

Քամպոճիայի եւ Լաոսի եկեղեցիները համախմբուած են մէկ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի մէջ` ի տես սոյն երկիրներու քրիստոնեայ հասարակութեան փոքրամասնութեան։

Քամպոճիայի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործածէ ԺԶ դարուն` Փորթուկալացի Յիսուսեան միսիոներներու քարոզութեամբ, ապա ԺԷ դարուն անոնց միացած են Տոմինիքեան եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութիւններու առաքեալներ։

1993-ին Քամպոճիայի նոր սահմանադրութիւնը կ՛որդեգրէ կրօնի ազատութեան օրէնքը եւ 1994-ի Քամպոճիան եւ Սուրբ Աթոռը կը կքնեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու պայմանագիրը։

1975-1979 տարիներուն, Քամպոճիայի քրիստոնեաները  մեծ հալածանքներու կ՛ենթարկուին ու այնտեղ գործող բազմաթիւ կղերականներ` իրենց հաւատքին համար կը սպաննուին։

Մինչ Լաոսի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց 1630-ին Յիսուսեան Ճովաննի Լիերայի առաքելութեամբ։  Ապա քսաներորդ դարու սկիզբները այլ միաբանութիւններ եւս այնտեղ հաստատեցին իրենց առաքելութիւնը։

Արժանի է նշել թէ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը` 8 Յունիս 1973-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Լաոսի Պուտիստ Աւագ Պատրիարքին։ Իսկ 1999-ի Փետրուարին տեղական եպիսկոպոսները իրենց առաջին հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կատարեցին դէպի Հռոմ հուսկ 11 դեկտեմբեր 2016-ին Երանելիներու շարքին դասուեցան Լաոսի մէջ նահատակուած 17 մարտիրոս առաքեալներ։

Հակառակ որ Լաոսի սահմանադրութիւնը կը  ճանչնայ կրօնի ազատութիւնը այդ մէկը կը մնայ տակաւին սահմանափակ։

Վերոնշեալ երկու երկիներուն մէջ կը գործեն Կաթողիկէ բարեսիրական եւ դաստիարական հաստատութիւններ` որոնց շարքին նաեւ Քարիթասը որ տօնախմբեց իր գործունէութեան 20 ամեակը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.