ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին՝ որոշում կայացուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան գումար յատկացնելու` սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
«Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 2017 թուականի առաջին եռամսեակին յատկացնել 43,368.8 հազար դրամ»,- որոշման նախագիծը ներկայացնելու պահուն ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, կը հաղորդէ Aysor.am-ը:
Քոչարեան նշած է, որ գումարը նուիրաբերութեան կարգով պիտի փոխանցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ապահովելու նպատակով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |