2017-01-26 13:22:00

Դանիոյ Խորհրդարանը ընդունեց ''Հայոց Ցեղասպանութեան'' մասին բանաձեւ։


Այսօր Դանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» բանաձեւը: Դանիոյ խորհրդարանը բանաձեւը ընդունեց 89 կողմ, 9 դէմ, 11 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:  Բանաձեւը քննարկուած էր Յունուար 19-ին: Այս մասին կը հաղորդէ armradio.am-ն

Դանիոյ խորհրդարանը այսօր քուէարկութեան դրաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» երկու բանաձեւերէն մէկը: Ասիկա այն բանաձեւն է, ուր օգտագործուած է «Արեւելեան Անատոլիա» (միւս նախագիծին մէջ` «Օսմանեան կայսրութիւն էր), եւ «ողբերգական եւ արիւնալի իրադարձութիւններ» ձեւակերպումները (միւս նախագիծին մէջ` «ջարդեր եւ բռնի տեղահանութիւններ»:

Այս բանաձեւը զգուշաւոր փաստաթուղթ է, եւ զայն դժուար է համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ: Միաժամանակ, Դանիոյ Թագաւորութեան խորհրդարանի այս քուէարկութիւնը կարելի է համարել որոշակի տեղաշարժ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ Դանիոյ Թագաւորութեան քաղաքական դիրքորոշման առումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.