2017-01-25 09:18:00

Միացաել Նահանգներ. Ծնեալ կեանքի համար 44-րդ աղօթքի օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 27 Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշուի Նորածին Կեանքի համար աղօթքի 44-րդ օրը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի  22 Յունուարին` ԱՄՆ-ի գերագոյն ատեանի`  22 Յունուար 1973-ին արձակած վճիռին դէմ` որով  վիժումը օրինական դարձաւ։

Այս տարուայ բնաբանն է “The Power of One” – Անհատի ուժը։

Այս տարի վերոնշեալ թուականը մէկ շաբաթով յետաձգուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան բերումով։ Նորածին կեանքի 44-րդ օրուան առթիւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՛ունենայ  քայլարշաւ որմէ առաջ Անարատ Յղութեան Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է աղօթքի հսկում։








All the contents on this site are copyrighted ©.