2017-01-25 15:07:00

Մալթայի Ասպետական կարգի աւագ իշխանի հրաժարականը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 յունուարին, Մալթայի Ասպետական կարգի` Աւագ իշխան Վսեմաշուք Ֆրա Մաթիւ Ֆեսթինկ, Ֆրանչիսկոս Պապի հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի մը ընթացքին ներկայացուած է իր հրաժարականը Մալթայի Ասպետական կարգի Աւագ Իշխանի պաշտօնէն։ Սրբազան Հայրը, այսօր՝ 25 յունուարին ընդունելով  Ֆրա  Մաթիւ-ի  ներկայացուցած  հրաժարականը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հրաժարեալ իշխանին  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նկատմամբ հաւատարմութեան ու Եկեղեցւոյ եւ Ասպետական կարգին ընծայած ծառայութեան համար։

Մալթայի Ասպետական կարգի կառավարիչի պաշտօնը ժամանակաւոր կերպով ստանձնած    է Կարգին տեղապահ մինչեւ՝ Քահանայապետական պատգամաւորի  անուանումը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.