2017-01-25 10:12:00

Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները՝ կառուցողական եւ բարեկամական


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իրենց ունեցած հանդիպումին արդիւնքները ներկայացուցած են լրատուամիջոցներուն՝ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին։

Ռուսիոյ վարչապետը հաստատած է, որ քննարկումները, ինչպէս միշտ, եղած են կառուցողական, յագեցած եւ բարեկամական, ինչ որ պիտի օգնէ լուծելու բազմաթիւ խնդիրներ, մանաւանդ որ այս տարի կ՛ամբողջանայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակը։ Ըստ անոր՝ Ռուսիան Հայաստանի արտաքին տնտեսական հիմնական գործընկերն է, եւ հակառակ տարբեր դժուարութիւններու եւ վերիվայրումներու, փոխադարձ առեւտրաշրջանառութեան ցուցանիշները բաւական լաւ կը մնան: Նախորդ տարի այդ թիւը աւելի քան 1 միլիառ տոլար էր։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ նախորդ տարի մեծապէս աւելցած է Հայաստանէն սննդամթերքի ներածումը, ինչ որ կապուած է Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելուն։ «Խօսելով գիւղատնտեսութեան մասին, պէտք է ըսեմ, որ հոն կայ զարգացման շատ լաւ ներուժ՝ ո՛չ միայն ապրանքներու կամ գիւղատնտեսական համակարգերու փոխադարձ գնման, այլ նաեւ միացեալ արտադրութիւններու կազմակերպման տեսանկիւնէ: Այժմ կան բազմաթիւ նախագիծեր։ Մեր շուկան մեծ է, եւ, կը կարծեմ, պէտք է իբրեւ առաջնահերթութիւն կեդրոնանալ նաեւ այս ուղղութեամբ: Մենք քննարկած ենք համագործակցութեան շարք մը այլ ուղղութիւններ, նաեւ ներդրումային համագործակցութիւնը եւ այդ նպատակով յատուկ հիմնադրամ ստեղծելու գաղափարը», ըսած է վարչապետը:

Մետվետեւ անդրադարձած է կնքուած համաձայնագիրներուն՝ դիտել տալով, որ անոնց հիման վրայ կարելի է կառուցել տնտեսական համագործակցութիւնը մօտակայ տարիներու համար:

Իր խօսքը եզրափակելով ան յայտարարած է, որ շատ գոհ է եղած բանակցութիւններէն, անոնց արդիւնքներէն ու յանձնարարականներէն, որոնք տրուած են համապատասխան կողմերուն՝ հետագայ համագործակցութեան առիթով՝ դիտել տալով, որ, թէեւ համագործակցութիւնը բաւական լաւ մակարդակի վրայ է, սակայն տակաւին զայն զարգացնելու ներուժ գոյութիւն ունի։

Վարչապետ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւնները գնահատած է կառուցողական եւ բեղմնաւոր: «Մենք ամենեւին չենք թաքցնում, յստակ ցոյց ենք տալիս, որ Մոսկուա այցն այց է բարեկամական, եղբայրական, դաշնակցային երկիր: Եւ ցանկանում եմ յայտարարել ուղիղ, առանց աւելորդ դիւանագիտութեան, որ մենք շատ գոհ ենք այսօրուայ բանակցութիւններից եւ այն արդիւնքներից ու յանձնարարականներից, որոնք տրուել են համապատասխան կողմերին՝ հետագայ համագործակցութեան առիթով: Մենք Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահի հետ քննարկել ենք կատարուած աշխատանքի արդիւնքները, արձանագրել ենք յարաբերութիւնների շատ բարձր մակարդակ, սակայն, միաժամանակ, կարծում եմ, որ բոլորը համաձայն կը լինեն՝ այդ յարաբերութիւնների զարգացման ներուժը շատ մեծ է», յայտնած է Կարապետեան։

Ըստ անոր՝ կողմերը քննարկած են շարք մը ուղղութիւններ, թէ ի՛նչ ընթացքով կրնան ընթանալ ռուս–հայկական յարաբերութիւնները, ուղենշած զարգացման ոլորտներն ու յստակ քայլերը: Անդրադառնալով ստորագրուած փաստաթուղթերուն՝ Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ անոնք մեծ թափ պիտի հաղորդեն մշակութային, մարդասիրական յարաբերութիւններուն: «Կարծում եմ՝ Հայաստանը որպէս տուրիստական վայր Ռուսաստանի քաղաքացիների համար թերագանահատուած է: Մենք այս տարի սպասում ենք սկզբունքային փոփոխութիւններ դրական կողմերով», եզրափակած է Կարէն Կարապետեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.