2017-01-25 10:06:00

Թուրքիոյ մէջ 2016ին մարդկային իրաւանց 46,292 խախտում արձանագրուած Է


Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը հրապարակած է անցեալ տարուան ընթացքին երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւանց խախտումներուն մասին իր զեկոյցը:

Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ սոյն կառոյցին Տիգրանակերտի մասնաճիւղի զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ նշեալ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ 2016ին խախտումները կտրուկ կերպով աճած են՝ հասնելով 46,292 դէպքի:

Խախտումները բազմացած են յատկապէս շրջանին մէջ հռչակուած արտակարգ դրութեան եւ անոր իբրեւ հետեւանք՝ պետութեան կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն պատճառով:

Ըստ զեկոյցին՝ անցեալ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բախումներուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած է առնուազն 1757 հոգի, որոնցմէ 456ը՝ ապահովական մարմիններէ, 816ը՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն, իսկ 451ը՝ քաղաքայիններ:

Նոյն շրջաններուն մէջ, 2016ի ընթացքին ձերբակալուած է 6860 հոգի, որոնցմէ առնուազն 150ը անչափահաս եղած է: Նաեւ, առնուազն 216 հոգի բանտային չարչարանքներու ենթարկուած է։

Նաեւ, քիւրտ քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւնը, տեղական մարմիններու ընտրուած ղեկավարներու պաշտօնազրկումն ու անոնց փոխարէն պետական կառավարիչ նշանակելու քայլերը որակուած են իբրեւ ընտրողներու իրաւունքներու խախտում:








All the contents on this site are copyrighted ©.