2017-01-24 10:12:00

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորած Է Կլետիս Պերեճիքլեանին


Հպարտութեան ու ուրախութեան աննկարագրելի զգացումներ ունեցայ, երբ ստացանք Ձեր` Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ ընտրուելու լուրը:

Սիրով, ջերմութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կը շնորհաւորեմ Ձեզ` այս պատասխանատու, բարձր եւ պատուաբեր պաշտօնին նշանակուելու առիթով: Ուրախ եմ, որ առիթ ունեցայ Ձեզ մօտէն ճանչնալու եւ հասկնալու, որ Դուք Ձեր գեղեցիկ կենսագրութիւնը հիւսած էք ոչ միայն որակեալ եւ բարձր կրթութիւն ստանալով, ոչ միայն Հայ դատէն ներս պաշտօնավարելով, այլ աւստրալական քաղաքական հարթակներուն արժանի տեղ եւ դեր ունենալու շնորհիւ: Ձեր տաղանդի, հնարաւորութիւններու, մարդոց հետ աշխատելու անզուգական կարողութեամբ Դուք քայլ առ քայլ յառաջընթաց ունեցաք` դրսեւորելով խելացի եւ բանիմաց քաղաքական, պետական գործիչին բնորոշ յատկանիշներ:

Դուք ներկայացուցիչն էք Աւստրալիոյ հայ համայնքին, որ երկար տարիներէ ի վեր, եւ նաեւ Ձեր շնորհիւ նուաճած է Աւստրալիոյ իշխանութիւններու եւ աւստրալացիներու վստահութիւնը` իր աշխատասիրութեան, նուիրումի, երկրի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի շնորհիւ:

Նոր Հարաւային Ուելսի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր իշխանութիւններու կազմին մէջ Ձեր բազմամեայ գործունէութեամբ բարձր կը պահէք Հայու պատիւը` իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակ եւ Աւստրալիոյ Միութեան լաւագոյն քաղաքացի:

Անգնահատելի է Ձեր աւանդը նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրները ամենատարբեր հարթակներէն բարձրաձայնելու միջոցով հասարակութեան լայն շերտերուն ներկայացնելու հայրենանուէր գործին մէջ: Ձեր անմիջական ջանքերու շնորհիւ է նաեւ, որ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը:

Ձեր ճկուն մտքով, լաւագոյն փորձով, աշխատասիրութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, ինչպէս նաեւ համեստ ու առաքինի կեցուածքով ժամանակակից կնոջ, քաղաքական գործիչի լաւագոյն կերպարն էք:

Ինչպէս դեռ 12-րդ դարուն իրաւացիօրէն նշած է Մխիթար Գոշը. «Կրթուած կանայք գանձ են հասարակութեան համար: Յիրաւի, Դուք իսկական գանձ էք աւստրալացիներու եւ համայն հայութեան` ի մասնաւորի աւստրալահայ համայնքի համար:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ` մաղթելով անսպառ ուժ ու եռանդ` իրականացնելու Ձեր փխրուն ուսերուն դրուած բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւնը` յանուն Աւստրալիոյ, Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի զարգացման եւ յառաջընթացի, յանուն հայ համայնքի զօրացման, յանուն երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.