2017-01-23 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հակամաֆիական ազգային կազմակերպութեան անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 23 յունուարին՝ առաւօտեան ժամը 10,00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տաճարի աւագ քահանայ՝ կարդինալ Սթանիսլավօ Ռիլքօն ապա յաջորդաբար ընդունեց Փաքիստանի մօտ Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակ գերապայծառ Խալեպ Պատեր,  Քորէայի Տէժոն թեմի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք, հուսկ՝ 11,30ին Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ, Սրբազան հայրը  ընդունեց ազգային հակաահաբեկչական եւ հակամաֆիական վարչութեան  անդամները։

Այս առթիւ  իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը անդրադառնալով յիշեալ կազմակերպութեան անդամներուն ստանձնած բարձր պատասխանատուութեան,  որ է պայքարիլ մաֆիական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յանցագործութիւններուն դէմ, իր գնահատանքը  յայտնեց անոնց վտանգաւոր եւ դժուարին գործին  համար, որ անհրաժեշտ է՝   ձերբազատուելու  համար ոճրագործներու իշխանութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց,  թէ ընկերութիւնը կարիքն ունի ձերբազատուելու կաշառակերութեան , մարդավաճառութեան երեւոյթներէն, որոնց թիրախ են նաեւ մանուկները. եւ այս ծիրէն ներս Ան գնահատեց յիշելալ ազգային կազմակերպութեան այլ պետութիւններուն հետ համագործակցութիւնը, որ կը նպաստէ հաւաքական անվտանգութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց  , որ  երբեք ջանք չի խնայուի  հակադարձելու համար մարդավաճառութեան եւ գաղթականութեան երեւոյթներուն, համարելով զանոնք ծանր յանցագործութիւն, որ թիրախ կը դարձնեն տկարներուն մէջ ամենէն տկարները։

Ան շեշտը դրաւ բոլոր այն անձերուն վրայ,  որոնք  փախուստ կու տան իրենց երկիրներէն՝ հակամարտութեան եւ բռնութեան պատճառով, ընդգծելով , թէ անոնք հիւրընկալուելու եւ պաշտպանուելու իրաւունքը ունին։

Հակաահաբեչկական եւ հակամաֆիական կազամակերպութիւններուն տարած աշխատանքներուն ի շարս,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ  դաստիարակչական միջոցառումները՝ ուղղուած նոր սերունդներուն, եւ այս նպատակին հասնելու համար  հրաւիրեց  դաստիարակչական գրասենեակները՝ ի մէջ այլոց ընտանիքները, քրիստոնեայ հասարակութիւնները, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւնները՝ նպաստելու բարոյականութեան եւ արդարութեան խղճմտանքին,  որ է մեկնակէտը մարդու վերականգումին՝ ընկերութեան խաւին առջեւ բանալու համար աւելի լաւ աշխարհ ունենալու  իղձը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսելով մաֆիական երեւոյթներուն մասին , որ է  մահուան մշակոյթի արտայայտութիւնը եւ որ  արմատապէս կը հակադարձէ կեանքի նպաստող Աւետարանին եւ հաւատքին­, ըսաւ.     ՝՝բոլոր անոնք,  որոնք կը հետեւին Յիսուսին, ունին խաղաղութեան եւ եղբայրութեան, հիւրընկալութեան ինչպէս նաեւ ներողամտութեան մտածելակերպ։  Բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններ եւ կաթողիկէ հաստատութիւններ վկայ  են այս պտուղներուն, եւ կը գործեն  արմատախիլ ընելու համար կաշառակերութեան,  ոճրագործութեան կազմակերպութիւնները։

Այս  ծիրէն ներս   Սրբազան Հայրը յարեց թէ Եկեղեցին իր մօտիկութիւնը կը ցուցաբերէ  բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք ողբերգական վիճակի  մէջ կ՝ապրին եւ կարիքն ունին օգնութեան՝ դուրս գալու համար բռնարար արարքներէն։

Խօսքին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ  ըսաւ  ՝՝Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, թող ՏԷրը շնորհէ ձեզի ուժ՝ յառաջ ընթանալու  համար, ապա  քաջալերեց ներկաները՝  շարունակել պայքարելու համար   բռանարար երեւոյթներուն դէմ հայցեց Աստուծմէ  , որ շարժէ մաֆիական կազամերպութիններուն  մարդոց եւ կիներուն սիրտերը, որպէսզի անոնք կարենան  դադրիլ չարիք գործելէ եւ դարձի գան՝ իրենց կեանքը փոխելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.