2017-01-23 10:24:00

ՏԱՀԵՇ. Փալմիրայի տարածքին քանի մը յուշարձան ոչնչացուցած Է


ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Սուրիոյ Պալմիրա հնադարեան քաղաքի տարածքին մէջ քանդած են հին հռոմէական թատրոնին մէկ մասը եւ հռչակաւոր թեթրափիլոնը (Չորս սիւներ):

Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ մասնաւորաբար, ամբողջովին քանդուած է թատրոնի ճակատը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ արձանագրուած տարածքին մէջ աւերներուն մասին կը հաւաստեն նաեւ արբանեակային լուսանկարները:

Նախնական տուեալներով` պատմական յուշարձանները քանդուած են 26 դեկտեմբերէն 10 յունուարի միջեւ եղող ժամանակաշրջանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.