2017-01-23 09:53:00

Լիբանանի մէջ Մարաշի Աղէտի 97-րդ տարելից։


Կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցը մեծ շուքով նշուեցաւ Նոր Մարաշի երեք յարանուանութիւններու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ, ուր մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, կատարուեցան պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ Մարաշի հին ու նոր ննջեցեալներու անմահ յիշատակին:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մարաշցիք վերանորոգեցին իրենց ուխտը` յարգելով Մարաշի մեծ աղէտին ինկած նահատակներու անմահ յիշատակը: Երեք եկեղեցիներուն մէջ համախմբուած հաւատացեալ հայորդիները եւ ի մասնաւորի մարաշցիները անգամ մը եւս իրենց ներկայութեամբ հաստատեցին, որ իրենք նոյն վճռակամութեամբ, նոյն կամքով ու վեհանձնութեամբ կը շարունակեն ուղին` տէր կանգնելու իրենց իրաւունքներուն եւ ձգտելու նորանոր նուաճումներու եւ յաջողութիւններու:

Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն եւ պաշտամունքներէն անմիջապէս ետք Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցին առիթով:

Վերոնշեալ ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան քայլերգներով:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան (ՄՀՄ) ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ՄՀՄ-ի 2016-ի գործունէութեան հակիրճ տեղեկագիրը, ուր նշուած էին միութեան հրատարակած օրացոյցը, երեք գիրքերու շնորհահանդէսներու կազմակերպումը, միութեան տրամադրած կրթանպաստները իր սաներուն, որոնք անպայմանօրէն կը յաճախեն հայկական վարժարան եւ Հայկազեան համալսարան, միութեան կազմակերպած մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկները, տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներուն սատար կանգնիլը, նիւթական օժանդակութիւնները հայկական վարժարաններուն, Մարաշի երեք եկեղեցիներուն, կրթական-բարեսիրական հաստատութիւններուն, հայրենակցական միութիւններուն, լիբանանահայ մամուլին, օրաթերթերուն, ռատիոթոնին, Ազգային միացեալ վարժարանին եւ Հայ դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հալէպի մասնաճիւղին:

Իր խօսքի աւարտին Ժան Մոմճեան ըսաւ. «Մենք մեր աշխատանքը պիտի շարուանկենք նոյն թափով եւ պիտի ձգտինք աւելի լաւին ու կատարեալին»:

Խօսք առաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Մարաշի աղէտի ոգեկոչման ձեռնարկը կը միտի նոր սերունդներուն պատմել այն դաւադրութիւնը, որուն զոհ գնաց  հայ ժողովուրդը ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, եւ յիշել նահատակները հայ քրիստոնեայ մնալու պայքարի ճամբուն վրայ: Վեր. Մսըրլեան յայտնեց, որ ներկայիս մեր գոյութիւնը նահատակներու զոհողութեան կը պարտինք: Նոր Մարաշի մէջ մեր ներկայութիւնը կը պարտինք իբրեւ գաղութ կենդանի եւ ապրող վկաներու բազմութեան, որ եկաւ կառուցեց, վերաշինեց եւ ջահը յաջորդ սերունդին փոխանցեց:

Ան հաստատեց, որ անցնող 97 տարին մահուան ու խաւարին դէմ յաղթանակ է եւ յարութիւն, որ մարաշցիներուն եւ հայութեան ուսերուն վրայ մեծ յանձնառութիւն կը դնէ շինուածը պահելու, զարգացնելու եւ սերունդներուն փոխանցելու ու դաստիարակելու: Վեր. Մսըրլեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Պիտի մնանք միշտ յանձնառու պահանջատիրական մեր պայքարին այն տեսիլքով, որ օր մը այդ հողերը դարձեալ մեզի պիտի վերադառնան»:

Խօսք առաւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ամէն տարի մարաշցի նահատակներուն անմեղ յիշատակը մեծ շուքով կ՛ոգեկոչուի: Ցեղասպան թուրքը կը շարունակէ իր ոճրագործական արարքները, որովհետեւ ան անպատիժ մնացած է: Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան հաստատեց, որ օր մը անպայման պիտի ստանանք մեր արդար իրաւունքները, ապա աւարտեց խօսքը ըսելով. «Մենք կոչուած ենք վերանորոգուած մտքերով եւ նոր թափով շարունակելու մեր սուրբ գործը, ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը: Թող մեր նահատակները խաղաղութեամբ ննջեն` քաջ գիտնալով, որ մենք պիտի շարուանկենք մեր աշխատանքը նուիրեալ անձերու հետեւողականութեամբ եւ պիտի ստանանք մեր արդար իրաւունքը»:

Խօսք առաւ Ղազար վրդ. Պետրոսեան: Ան անդրադարձաւ այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցաւ Մարաշի հայութեան նկատմամբ 97 տարի առաջ, ապա յայտնեց, թէ ցաւի, վիշտի եւ տառապանքի օրերը մնացին անցեալին մէջ, բայց դրոշմուեցան պատմութեան էջերուն վրայ: Ան յայտնեց նաեւ, թէ իբրեւ քրիստոնէական հաւատքին ջերմ պաշտպան, մարաշցին կրցաւ շարունակել իր կեանքը հաւատքով ու վճռակամութեամբ: Ան հաստատեց, որ մարաշցին յանձն առաւ մաքառիլ, կառուցել, պտղաբերել եւ պահել իր տունն ու ժողովուրդը եւ ազգային արժէքները: Ղազար վրդ. Պետրոսեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Երանի այն ազգին, որ իր միտքին մէջ ունի գիր- գրականութիւն: Երանի այն ազգին, որ իր սիրտին մէջ ունի Աստուծոյ կենդանի խօսքերը: Երանի այն ազգին, որ ունի շինարար բազուկներ, միտք, սիրտ եւ ձեռքեր: Այս է մարաշցին, որուն ձեռքերուն մէջ աշխարհը երկրաւոր հայրենիք մըն է: Գարուն էր եղանակը,  արեգակն էր լուսաւորողը, մարաշցին էր դէպի նորանոր հորիզոններ թիավարողը»:

Երեք եկեղեցիներուն հովիւները պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով փակեցին ձեռնարկը, որմէ ետք Մարաշի նահատակներու հոգիներուն համար բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով:

Քաղուած Ազդակ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.