2017-01-23 10:33:00

Թրամփին դէմ բողոքի ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ աշխարհի այլ Քաղաքներու մէջ


21 յունուարին Ուաշինկթընի եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ  հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջած են «Կիներու քայլարշաւ»-ի` իրենց բողոքը յայտնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած Տանըլտ Թրամփի դէմ:

Ուաշինկթընի մէջ քայլարշաւը ընթացած է ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու ուղեկցութեամբ եւ մօտեցած Սպիտակ տան յարող տարածքին, սակայն ոստիկանները մետաղէ արգելապատնէշներու  միջոցով կասեցուցած են կիներու յառաջխաղացումը մինչեւ  նախագահական նստավայր:

Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ քայլարշաւին ձերբակալութիւններ տեղի չեն ունեցած:

Միւս կողմէ, մօտ 600 հազար մարդ բողոքի ցոյցով դուրս եկած են Նիւ Եորքի մէջ` դէմ արտայայտուելով Տանըլտ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը դարձած է բողոքի մեծ շարժումի` «Կիներու քայլարշաւ»-ի մաս:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.