2017-01-23 10:20:00

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման


Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուած է սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու թղթածրարին, որ կ՛առաջարկէ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն անցում կատարել նախագահական համակարգին:

Կը նշուի, որ 18 յօդուածներէ բաղկացած օրէնքի որդեգրման թեր քուէարկած է 339 երեսփոխան: Օրէնքը պիտի դրուի հանրաքուէի, որմէ ետք ալ պիտի տրուի վերջնական որոշումը:

«Շնորհակալ եմ երեսփոխաններուն` անոնց կատարած աշխատանքին համար. այժմ վերջին խօսքը պէտք է ըսէ ժողովուրդը», նշած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ:

Կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մօտ օրէն ստորագրէ օրէնքը, որմէ ետք անիկա պիտի դրուի հանրաքուէի:

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ փոփոխութիւններու թղթածրարը կ՛ենթադրէ նախագահի լիազօրութիւններու ընդլայնում, վարչապետի պաշտօնի ջնջում: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծը երկրի խորհրդարան ներկայացուած էր Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1923-էն` իր հիմնադրութենէն ի վեր խորհրդարանական պետութիւն է:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.