2017-01-23 10:11:00

Ասթանայի մէջ կը մեկնարկեն Սուրիական խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները


Ասթանայի մէջ մեկնարկեցին սուրիական խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները: Կը ծրագրուի, հանդիպումէն ետք, ամփոփիչ ասուլիս հրաւիրել, որ կրնայ մեկնարկել Յունուար 24-ին, ժամը 14:00-ին: Ղազախստանի ԱԳՆ-ի հաղորդած տեղեկութիւններով` բանակցութիւնները պիտի իրականացուին դռնփակ, «Rixos President Astana» հիւրանոցին մէջ:

Բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը հաստատած են Սուրիոյ կառավարութեան, սուրիական ընդդիմութեան, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի, ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ բանագնացը:

Նախօրէին Ասթանայի մէջ հանդիպած են Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններու նախաձեռնող Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները: Ղազախստանի մէջ ՌԴ-ի բանագնաց-խորհրդական Ալեքսանդր Մուսիենքոն խոստովանած է, որ քանի մը ժամ տեւած խորհրդակցութիւնները «ծանր» եղած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.