(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի թանգարանները մօտ ատենէն պիտի ունենան նոր համացանցային կայքէջ։
Երկուշաբթի, 23 յունուար 2017ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ, առաւօտեան ժամը 11,15-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը ներկայացուի Վատիկանի թանգարաններու վերոնշեալ համացանցային նոր կայքէջը։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան, Վատիկանի Պետութեան ընդհանուր քարտուղար եւ հեռահաղորդակցութեան ընդհանուր տնօրէն ՝ գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկեզ Ալզակա, Վատիկանի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան կառավարիչ՝ գերապայծառ Մարիօ Էտուարտօ Վիկանօ ու Վատիկանի Թանգարաններու տնօրինուին` տոքթ. Պարպարա Եաթթա։
All the contents on this site are copyrighted ©. |