2017-01-21 10:05:00

Իտալիա. ''Ձիւնի հրեշտակները'' ձիւնի տակէն ազատեցին 9 անձ։ Որոնումները կը շարունակուին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ձիւնի հրեշտակները'' այսպէս է որ Իտալական մամուլը որակեց որոնող- փրկարար գունդի անդամները որոնք երէկ գիշեր ազատեցին` Ապրուցցօ շրջանի 'Ֆարինտոլա'' գիւղաքաղաքի մէջ  գտնուող ''Ռիկոփիանօ''' պանդոկի արկածին թիրախ դարձած 35 անձերէն` 9-ն, որոնց մէջ կային նաեւ չորս մանուկներ։

Նշենք թէ անցեալ օրերուն  կեդրոնական Իտալիոյ շրջանները թիրախ դարձան անսպասելի ձիւնամրրիկի մը որուն աւելցան զօրեղ երկրաշարժի ցնցումներ որոնց պատճառաւ տեղի ունեցաւ ձիւնի սահանք մը որ հարուածեց ''Ռիկոփիանօ'' պանդոկը, քար ու քանդ ընելով զայն։ Ձիւնի սահանքի պահուն պանդոկին մէջ կային 35 անձեր։

Մինչ` հակառակ կլիմայական անկայուն վիճակին ու դժուար կացութեան, որոնումները կը շարունակուին ու փորձ կը կատարուի այլ վերապրող անհատ մը փրկել ձիւնի տակէն, Իտալական մամուլը կը յայտնէ թէ փրկարար մարմինները յայտնաբերուած են նաեւ չորս դիակներ։ Իսկ անյայտ ճակատագրով մնացած միւս անհատներու ընտանեկան պարագաները յոյսով կը սպասեն նոր լուրերու։

Յայտնենք թէ արտակարգ իրավիճակին ի տես, Իտալական կառավարութիւնը,  կեդրոնական Իտալիոյ շրջան ուղարկած է 7 հազարէ աւելի  բանակայիններ եւ շտապ օգնութեան գունդի անդամներ։

Անցեալ օրերուն Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Քարտուղար` Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ յայտնած էր թէ  ''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի կացութեան ու տեղական եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ յարատեւ կապի մէջ է''։ Ան ապա աւելցուցած էր թէ Նորին Սրբութիւնը բոլոր հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղած է աղօթելու մինչ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ հովիւներէն խնդրած է իրենց անվերապահ աջակցութիւնը ցուցաբերել` բոլոր դժուարութեան մէջ գտնուող քաղաքացիներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.