2017-01-21 08:39:00

Երիտասարդներու յաջորդ համաշխարհային օրը 22-27 Յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Երիտասարդներու յաջորդ  համաշխարհային օրը տեղի պիտի ունենայ Փանամայի մէջ 22-27 Յունուար 2019-ին։ Լուրը յայտարարեց Փանամայի Արքեպիսկոպոսը` Խոսէ Տոմինկօ Ուլոա Մենտիէթա, Փանամայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Գերապայծառ Ուլուա նորոգեց Ֆրանչիսկոս Պապին իր երախտագիտութիւնը  Փանամայի ընտրութեան համար որպէս 2019-ի ԵՀՕ հաւաքի վայր։

Փանամայի առաջնորդը ապա հրաւէր ուղղեց աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն, որպէսզի դառնան համաշխարհային օրուան իսկական դերակատարներ, անոնց վստահեցնելով թէ Փանաման զիրենք կը սպասէ սրտբաց ու բազկատարած, անոնց հետ կիսելու համար հաւատքի փորձառութիւնը ու դառնալու իսկական եկեղեցի։

''Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ցեղային ու մշակութային հարստութեամբ, իր սատարը պիտի բերէ այս հոգեւոր տօնակատարութեան, որուն ընթացքին աշխարհին ցոյց պիտի տանք դէպի դուրս ընթացող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երիտասարդ դիմագիծը, որ պատրաստ է միշտ ''աղմուկ'' ստեղծելու եւ ուրախութեամբ հռչակելու Աւետարանը, հեռաւորներուն, բացառուածներուն ու բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին աշխարհագրական ու գոյութենական արուարձաններու մէջ'', յարեց Փանամայի Արքեպիսկոպոսը ապա հրաւիրեց ''Աղօթել ու աշխատիլ` որպէսզի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը հանդիսանայ նոր սլացք` կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհի վերանորոգումին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.