2017-01-20 19:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Տոնալտ Թրամփին ուղղած շնորհաւորական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ` Տոնալտ Թրամփի երդման արարողութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարեմաղթական  հեռագիր մը յղեց նորընտիր նախագահին որուն մէջ վստահեցուց իր աղօթքները­, հայցելով որ Ամենակալ Աստուած անոր պարգեւէ իմաստութիւն եւ ուժ` իրականացնելու համար իրեն յանձնուած բարձր պաշտօնը։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած է ապա թէ ''այս ժամանակամիջոցին երբ մեր մարդկային ընտանիքը կը դիմագրաւէ մարդկայնական ծանր ճգնաժամեր, որոնք կը պահանջեն քաղաքական միասնական ու հեռատես պատասխաններ, ես կ՛աղօթեմ որպէսզի ձեր որոշումները առաջնորդուած ըլլան հոգեւոր ու բարոյական արժէքներէ որոնք կերտեցին Ամերիկացի ժողովուրդին պատմութիւնը, ու զայն յանձնառու դարձուցին ի սպաս մարդկային արժանապատուութեան ու ազատութեան զարգացումին, համայն աշխարհի մէջ''։

''Ձեր ղեկավարութեան տակ թող որ Ամերիկայի վսեմութիւնը  շարունակուի չափուիլ նախ եւ առաջ անոր աղքատներուն, մեկուսացուածներուն ու կարիքաւորներուն նկատմամբ ցուցաբերած մտահոգութեամբ, որոնք Ղազարոսի նման կանգնած են մեր դռներու առջեւ'' - գրած է ապա Քահանայապետը հեռագիրին մէջ զոր եզրափակած է Տիրոջմէ  հայցելով որ նորընտիր նախագահին, անոր ընտանիքին ու ամերիկացի սիրելի համայն ժողովուրդին շնորհէ` ''խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ նիւթական ու հոգեւոր բարգաւաճման օրհնութիւններ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.