2017-01-20 12:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 Յունուարի քարոզը Աստուծոյ նոր դաշինքի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յաղթահարել օրէնսգէտներուն  յաւերժ  դատապարտիչ մտայնութիւնը''։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորը, ուրբաթ 20 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։Ան նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ մեզի հետ կնքած դաշինքը կը վերանորոգէ մեր սիրտը եւ կը յեղաշրջէ մեր  մտածելակերպը։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Սուրբ Պօղոսի նամակներէն, ուր կը խօսուի Աստուծոյ ՝Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհի ու մարդկութեան վերաստեղծումի մասին, Սրբազան Հայրը յարեց , թէ Աստուած ամէն  ինչ արմատէն կը փոխէ,  ոչ թէ  միայն երեւութապէս։ ''Այս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Աստուծոյ նոր դաշինքն է'' ու թուեց նոր դաշինքի  յատկութիւնները։

Տիրոջ նոր օրէնքը կը ներթափանցէ սիրտին խորքը, կը փոխէ մեր մտայնութիւնը։։   Նոր դաշինքին մէջ կայ մտայնութեան եւ սիրտի փոփոխութիւն, գործելակերպի, զգայնութեան փոփոխութիւն, ի վերջոյ տարբեր ձեւով իրողութիւնները  տեսնելու կարելիութիւնը։

Սրբազան Հայրը  օրինակ բերելով  օրէնսգէտներէն,  որոնք ամէն ինչ կը գործէին օրէնքներուն համաձայն,   ընդգծեց թէ անոնց մտայնութիւնը հեռու էր Աստուծմէ , որովհետեւ  անոնք ունէին անձնասէր մտայնութիւն, որ կեդրոնացած էր միայն իրենց անձերուն վրայ։  Անոնց սիրտը դատապարտիչ  սիրտ մըն էր, որ ամէն ինչ կը դատապարտէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով Աստուծոյ բարութեան վրայ։ Տէրը մեզի կ՝ապահովէ,  թէ  Ան  մեր մեղքերը կը ներէ  եւ պիտի չի յիշէ անցեալին մէջ գործած մեր մեղքերը։ Տէրը ամէն բան կը մոռնայ , որովհետեւ Ան ներողամիտ է ։Աստուած դարձի եկած սիրտի մը դիմաց ամէն ինչ կը  ներէ եւ կը մոռնայ – հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը­ այս մէկը նկատելով նաեւ հրաւէր դադրելու մեղք գործելէ։'Ապրիլ առանց մեղքի՝ հեռու մեղքերէն կը նշանակէ վերաստեղծում'' ըսաւ սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ պատկանելիութեան մասին  ըսելով որ մենք բոլորս  կը պատկանինք լոկ Աստուծոյ եւ գոյութիւն չ՝ունին ուրիշ աստուածներ,  մնացածը բոլորը յիմարութիւններ կը համարուին ։

Աստուծոյ վերաստեղծումի արարքը կը կայանայ  մտայնութեան, սրտի, կեանքի եւ պատկանելիութեան փոփոխութեան մէջ  որ աւելի  հմայիչ եւ գեղեցիկ է քան առաջին ստեղծագործութիւնը յարեց ապա Սրբազան Հայրը ու իր խօսքը աւարտելով յորդորեց, որ Աստուծմէ հայցենք յառաջ ընթանալու եւ  նոր դաշինքի նկատմամբ հաւատարիմ գտնուելու շնորհքը։

,,








All the contents on this site are copyrighted ©.