2017-01-20 09:39:00

Ասատ. ''Ասթանայի ժողովէն առաջնահերթ սպասումը զինադուլի հաստատումն է''։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Դամասկոս Ասթանայի ժողովէն ակնկալութիւններ չունի, «այլ կը յուսայ, որ անիկա սուրիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու բեմահարթակ դառնայ»:

Ան ճափոնական «Թի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ առաջնահերթութիւնը «զինադուլի հաստատումն ու օժանդակութիւններու մատակարարումն է»: Ան նշեց, թէ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին զինեալ խմբաւորումներ, որոնց հաշտութեան հոլովոյթին մասնակցիլը կը նշանակէ զինաթափ ըլլալ եւ ներումի արժանանալ:

Ասատ ըսաւ, որ յստակ չէ, թէ Ասթանայի ժողովին ընթացքին քաղաքական որեւէ երկխօսութիւն տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի մասնակցի ժողովին:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ժապիրի Անսարի պիտի գլխաւորէ 23 յունիսին Ասթանայի ժողովին մասնակից իրանեան պատուիրակութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական 14 զինեալ խմբաւորումներ կը մասնակցին նշեալ ժողովին, եւ կոչ ուղղեց մասնակիցներուն թիւը աւելցնելու` նշելով. «Հրաւէր պիտի ուղղենք զինադադարին յանձնառու զինեալ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ներկայ գտնուին Ասթանայի բանակցութիւններուն»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Ասթանայի ժողովին մասնակից ռուսական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ այլ մարմիններէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա:








All the contents on this site are copyrighted ©.