2017-01-19 09:50:00

Քրիստոնեաներու Միութիւն. Կամուրջներ կառուցել միասնական վկայութեամբ ու ներգործութիւններով։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ առթիւ, Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ եւ Եւրոպական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Անկլիքան վերապատուելի Քրիստոֆեր Հիլ` միասնական պատգամ մը հրապարակած են, որուն մէջ կը հաստատեն թէ Եւրոպան յուզող տարբեր տագնապները մեզ իրարու կը մօտեցնեն։

''Պատերազմ ու հակամարտութիւն, քաղաքական անկայունութիւնն, գաղթականութիւնն ու կենսոլորտի հարցեր, նիւթական եւ հոգեկան աղքատութիւնը` կը ներգրաւեն բոլոր եւրոպացիներու կեանքը'', կը կարդանք պատգամին մէջ։ Այս տագնապները սակայն կը մղեն յոյսի մը։ Մենք միասնաբար կարող ենք վկայել Քրիստոսի սէրն ու հաշտութիւնը` արարչութեան պահպանումով, աղքատներու նկատմամբ զօրակցութեամբ ու Աստուծոյ ժողովուրդի արժանապատուութեան պաշտպանութեամբ։

''Երկխօսութեան միջոցաւ կարող ենք իրար հասկնալ։ Միասնական վկայութեամբ ու ներգործութիւններով կառուցենք կամուրջներ։ Աղօթքի միջոցաւ սորվինք ըմբռնել Սուրբ Հոգիին գործը ու մեր սրտերը ''Քրիստոսի սիրով''  միշտ բաց պահենք ճշմարտութեան'' գրած են հրատարակուած պատգամին մէջ երկու եկեղեցապետերը որոնք ապա հրաւէր ուղղած են նորոգելու յանձնառումը` անցեալի վէրքերը դարմանելու ու յաղթահարելու բոլոր բաժանումները, ընդգծելով նաեւ աստուածաբանական երկխօսութեան զարգացումի կարեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.