2017-01-19 09:57:00

18 զոհուած զինծառայողի ընտանիքներու բնակարաններու վերանորգումի օգնութիւն


Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղը, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով, համագործակցելով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, որոշում  մը կայացուցած է  18 զոհուած զինծառայողի ընտանիքի տրամադրել օգնութիւն եւ աջակցիլ բնակարաններու վերանորոգման հարցով:

Բարեգործութեան հասցէները կ’ընդգրկեն Երեւանն ու մարզերը: Վերանորոգման ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 29 մլն դրամ, կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Գումարին միջոցով, ըստ անհրաժեշտութեան, պիտի նորոգուին բնակարաններու տանիքները,  փոխուին դռներն ու պատուհանները, պիտի իրականացուին ջեռուցման եւ սանհանգոյցի յարդարման աշխատանքներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.