2017-01-18 12:55:00

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ բացումը Պէյրութի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 յունուարին,  Լիբանանի բողոքականներուն ՝՝Հոգեգալստեան՝՝ մայր տաճարին մէջ բացումը կատարուեցաւ քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբթուան, նախագահութեամբ՝ ՝ լիբանանի եւ Սուրիոյ բողոքական  եկեղեցիներու միութեան  նախագահ ՝  վերապատուելի Իպրահիմ Սայհունիի ,՝՝ քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ հաշտութեան՝՝ խորագիրով։

Աղօթքի ձեռնարկին ներկայ էին Ասորի Օրթոտոքսներու Աֆրամ Պատրիարքը ընկերակցութեամբ Պէյրութի եւ Լիբանանի հոգեւոր  առաջնորդներուն,

Կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան , Մարոնիներու համայնքէն Պուլոս  Սայեղ Եպիսկոպոսը,  Պէյրութի Յոյն կաթողիկէներու Գիրիլլոս Պսթորս առաջնորդը, Գարակէօզեան եւ Հայտոսեան պատուելիները։

Համամիութենական աղօթքի ծիրէն տեղի ունեցաւ աղօթք՝զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներու կողմէ ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Ասորիներու Պատրիարքը   շեշտը դնելով հաշտութեան եւ սիրոյ վրայ։

Զանազան եկեղեցիներու երգչախումբեր  կատարեցին   եկեղեցական երգեր։  Ձեռնարկը վերջ գտաւ Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ միասնաբար արտասանուած Հայր մեր Տէրունական աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.