2017-01-18 08:41:00

Յունուար 18էն-25 կը նշուի ''Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ հաշտութեան'' այս է ահա 2017 տարուայ Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբթուայ բնաբանը քաղուած Սուրբ Պօղոսի կորնթացիներուն ուղղած Բ թուղթէն (Գլ 5, 14-20)։

Քրիստոնեայ աշխարհը` ամէն տարի, Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս աղօթքի։ Սոյն սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնս եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Ուաթսոն, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են սոյն աւանդութեան որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձի համար։

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ` Գերյարգելի Յովսէփ Ծ․ Վ․ Պեզեզեանը, Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ հրաւիրած է հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերելու, 23 Յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 7-ին,­  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  (Նէոս Գոսմոս) կազմակերպուած Միութեան աղօթքին, մինչ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ կաթողիկէ վարժարանը` հինգշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ, Սանթա Մարիա Ին Վիա Լաթա եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած միութենական աղօթքի ութօրէքին, երեկոյեան 7-ին, վերոնշեալ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Հայածէս Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Նշենք թէ Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Ուաթսոնի կողմէ` 1908 թուականին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը` 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը` 25 Յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.