Իտալացի Անթոնիօ Դայեանի, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, քուէարկութեան չորրորդ փուլին իբրեւ արդիւնք՝ ընտրուած Է Եւրոխորհրդարանի նոր նախագահ: Այս մասին, կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը, վկայակոչելով Սթրասզպուրկի նիստերու դահլիճէն կատարուած հեռարձակումը, ուր կ՝ընթանայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նստաշրջանը:
Եւրոխորհրդարանի նախորդ նախագահ Մարթին Շուլցի տեղեկութիւններով՝ Դայեանիի օգտին տրուած է 351 ձայն, իսկ անոր ընդդիմախօսը` իտալացի Ճանի Բիդելան` «Սոցիալաիստներու եւ դեմոկրատներու առաջադիմական դաշինք» խմբակցութենէն, ստացած Է միայն 282 ձայն:
Զբաղցնելով նախագահի աթոռը, Դայեանի հաւաստիացուցած է, թէ պիտի ըլլայ այն խորհրդարանի նախագահը, որ իր գործունէութեան մէջ պիտի արտացոլացնէ բոլոր պատգամաւորներու եւ բոլոր խմբակցութիւններու շահերը:
63-ամեայ Դայեանին երկու անգամ զբաղցուցած է եւրոքոմիսարի պաշտօն` Եւրոյանձնաժողովին մէջ տնօրինելով արդիւնաբերութեան եւ փոխադրամիջոցի զարգացման հարցերը: Իտալիոյ մէջ ան դարձած է «Յառաջ, Իտալիա» կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ եղած է նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքոնիի պաշտօնական ներկայացուցիչը, հաղորդած է TASS-ը
All the contents on this site are copyrighted ©. |