2017-01-17 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Թող Քրիստոնեաները քաջարի ըլլան եւ չնմանին կառավայրի մէջ կագնուած ինքնաշարժներուն''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 17 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին  կատարած խորհրդածութան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  քաջալերեց հաւատացեալները՝ ըլլալու քաջարի եւ կապուելու  յոյսի խարիսխին՝  դիմագրաւելու  համար  կեանքի  խաւար պահերը։ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ եկեղեցին՝  ծոյլ քրիստոնեաներուն համար կառավայրի կը նմանի, որուն մէջ անոնք կանգ կ՝առնեն եւ անշարժ կը մնան ։     

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, Ֆրանչիսկոս Պապ  յարեց թէ քրիստոնեային կեանքը քաջութեան կեանք է,  նման այն մարզիկներուն,  որոնք յաղթելու համար մարզադաշտին մէջ կը մարզուին։

Իսկ՝ ծոյլ քրիստոնեաները անոնք են , որոնք բարի տրամադրութիւնը չ՝ունին՝ յառաջ ընթանալու եւ իրողութիւնները բարեփոխելու։ Ծոյլ քրիստոնեաներուն համար, եկեղեցին,  ինքնաշարժներու տեղավայր մըն   է՝ կեանքի ապահովութեան վայր, ուր անոնք յառաջ կ՝ընթանան ամէն տեսակի ապահովական դրութիւններով։

Սակայն՝  Ֆրանչիսկոս Պապա զգուշացուց,  որ անշարժ վիճակի մէջ գտնուող քրիստոնեաները  կը նմանին լճացած ջուրին՝ անմիջականօրէն ենթարկուած վտանգի։

Արդարեւ, ­ Ան  ընդգծեց, թէ յոյսն է որ քրիստոնեաները քաջարի կը դարձնէ, մինչ՝  ծոյլ քրիստոնեաները  անյոյս կը մնան ։Յոյսը՝ այն խարիսխն է , որուն կառչած մնալով կարող կը դառնանք դիմագրաւելու կեանքի  դժուարին եւ  խաւար  պահերը ։

Յոյսը երբեք չի վհատեցներ ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւեցնելով թէ յոյսը պայքար մղել  կը նշանակէ ՝ հեռու հասնելու համար։ ։ Յոյսը, հորիզոններու առաքինութիւնն է եւ ոչ թէ ինքնափակումին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը  եզրափակելով հրաւիրեց, որ մենք մեզ հարցաքննենք՝ թէ ի´նչ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր հաւատքի կեանքը։ Արդեօ՞ք անիկա հորիզոններու կեանք  է, յոյսի, քաջութեան, յառաջ ընթանալու կամ ալ գաղջ կեանք մը, որ նոյնիսկ չի գիտեր խաւար պահերը դիմագրաւել։

Թող Տէրը պարգեւէ մեզի եսասիրութիւնը գերազանցելու շնորհքը, որովհետեւ կասեցած եւ անշարժ մնացած քրիստոնեաները անձնասէր են ըսաւ Սրբազան Հայրը ։  

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.