2017-01-17 09:10:00

Վերսկսած են Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստերը


«Ակօս» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Պոլսոյ 14-րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ 16 յունուարին սկսած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուած միացեալ դատավարութիւնը: Նախատեսուած է, որ պաշտպանական խօսքով հանդէս գայ Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզական վարչութեան նախկին ղեկավար Ալի Ֆուաի Եըլմազը: Դատական նիստերը պիտի շարունակուին մինչեւ 20 յունուար:

Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին ընդառաջ, Տինքի ընկերները 16 յունուարին կրկին հաւաքուած էին Պոլսոյ արդարադատութեան պալատին դիմաց: Ցուցարարներէն խօսք առաւ Պիւլենթ Այտըն: «10 տարի է Հրանդը չկայ, արդարութիւն չկայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ 19 յունուարին` Տինքի սպանութեան օրը, ինչպէս ամէն տարի, պիտի հաւաքուին ոճիրի վայրին մէջ` «Ակօս»-ի շէնքին դիմաց:








All the contents on this site are copyrighted ©.