2017-01-17 09:23:00

Թրքական բեռնատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Պիշքեքի մէջ


Խըրխըզիստանի առողջապահութեան նախարարութենէն ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ առնուազն 37 զոհ եւ 8 ծանր վիրաւորներ արձանագրուած են երկրի մայրաքաղաք Պիշքեքի օդակայանին մօտ բեռնատար թրքական օդանաւի մը ջախջախման պատճառով:

Նախապէս նախարարութենէն նշած էին, որ աղէտի զոհերուն թիւը կրնայ հասնիլ 40-ի:

«Պոյինկ» տիպի օդանաւը, որ Հոնկ Քոնկէն կանոնաւոր թռիչք կը կատարէր դէպի Պոլիս, արկածի ենթարկուած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 7:30-ին, էջքի գօտիէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Օդանաւը ինկած է ամառանոցային աւանի մը վրայ, ուր միշտ մարդիկ կը բնակէին: Արկածին պատճառով աւերուած են շուրջ 15 միայարկ բնակելի տուներ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուեալներով` աղէտի ենթարկուած է «ՄայՔարկօ» թրքական օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ «ԱՔԹ» օդանաւային ընկերութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.