2017-01-16 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կուինէա հանրապետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ նշեց,  թէ այսօր՝ առաւօտեան,   Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կուինէա հանրապետութեան նախագահ՝ Փրոֆ Ալֆա Քոնտէն։ Նախագահը ապա հանդիպած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն ընկերացած էր պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի  քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։    

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումի  ընթացքին ի յայտ դրուած են  Սուրբ Աթոռի եւ Կուինէայի հանրապետութեան միջեւ գոյացող  բարի յարաբերութիւնները,   կեդրոնացումի նիւթ եղած է  երկուստեք հետաքրքրող հարցեր  որոնց շարքին,  անհատի ամբողջական զարգացումը,    անարդարութեան եւ աղքատութեան  դէմ պայքարը, բնապահղանութիւնը   ինչպէս նաեւ համապատասխանող քաղաքականութեան զարգացումը՝     դիմագրաւելու համար արտագաղթի խնդիրները։ Այս ծիրէն ներս բարձր արժէքաւորուած են երկրէն ներս կաթողիկէ հաստատութիւններուն դերն ու կարեւորութիւնը՝ առողջապահական ու դաստիարակաչական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնային երկխօսութիւնը  մահմետական հասարակութեան հետ։ Անդրադարձ կատարուած է     նաեւ տարածաշրջանի ներկայ քաղաքական եւ ընլերային կացութեան մասին, յատուկէն  ընդգծելով Կուէնէա հանրապետութեան՝ խաղաղութեան ի սպաս  շօշափելի  յանձնառումը։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.