2017-01-16 10:34:00

Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Պուտաբեշտի մէջ սուրբ պատարագ։


Կիրակի՝ 8 Յունուար 2017-ին, Պուտաբեշտի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Աստուածայայտնութեան տօնին Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հոգեւոր վարժարանին Փոխ Տեսուչ՝ Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահը:

Այս առթիւ պատարագիչ վարդապետը անդրադարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքներուն ու ահաբեկիչներուն կողմէ պղծուած եւ քանդուած եկեղեցիներուն մասին որոնց շարքին յատկապէս Քեսապի եւ Հալէպի Հայ եկեղեցիները: 

Սուրբ զոհի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ապա  Քեսապէն ուղարկուած  Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ոսկեծոց պղծուած եւ ահաբեկիչներու կողմէ զէնքով կրակուած հայկական խաչը (21Մարտ 2014), ու հաւատացեալներէն խնդրուեցաւ աղօթել Սուրիոյ քրիստոնեաներուն դիտաւորութեան: Նշենք թէ ոսկեծոց խաչը մէկ ամիս պիտի ցուցադրուի եկեղեցւոյ մէջ որմէ ետք պիտի շրջի Պուտաբեստի բոլոր Կաթողիկէ վարժարաններէն ներս որպէս վկայութիւն քրիստոնեաներու կրած տառապանքին ու հալածանքներուն։

Յայտնենք թէ Պատարագին կը մասնակցէր Մարդկանց իրաւունքներու պաշտպանութեան նախարարը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.