2017-01-16 09:33:00

«Ընտրական նոր օրէնք մը կարելի է մշակել, երբ փտածութեան վերջ դրուի» Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 15 յունուարին Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ երկրին մէջ սկսած նոր իշխանութեան եւ կառավարութեան կողքին անհրաժեշտ է մտայնութիւնները փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքին ծառայող դասակարգը ենթարկել հոգեկան, բարոյական եւ մարդկային վերանորոգումի:

«Երբ այս փոփոխութիւնները եւ վերանորոգումը արձանագրուի, ապա միայն կարելի կ՛ըլլայ վերջ դնել փտածութեան, իսկ փտածութեան վերջ դնելով է, որ կարելի է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովէ եւ ոչ թէ քաղաքական որոշ կողմերու եւ հեղինակութիւններու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.