2017-01-16 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 եւ 16 յունուարի թուիթերը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 յունուար 2017-ին հրապարակած թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ճշմարիտ խաղաղութեան կերտումի մասին`  որ կարելի է իրականացնել ամէն անհատի արժանապատուութեան յարգանքի միջոցաւ։

՝՝Երբեք կարելի պիտի չ՝ըլլայ ունենալ ճշմարիտ  խաղաղութիւն, այնքան ատեն, որ շարունակուի  տեղի ունենալ  նոյնիսկ մէկ մարդ անհատի  ինքնութեան ոտնահարումը՝՝ ։ գրեց Սրբազան Քահանայապետը ։

Մինչ՝ կիրակի 15 յունուարին,  գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային 103-րդ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ  հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ  Սուրբ ընտանիքէն հայցեց,  որ հսկէ անչափահաս բոլոր գաղթականներուն վրայ։

՝՝Թող Սուրբ ընտանիքը հսկէ համայն անչափահաս փախստականներուն վրայ եւ ընկերանայ  անոնց  ուղեւորութեան որոնք խոցելի եւ առանց ձայնի են՝՝ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.