2017-01-14 13:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պաղեստինի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի մէջ  ընդունեց Պաղեստինի Նախագահ` Տիար Մահմուտ Ապպասը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Պաղեստինի նախագահը ապա ապա հանդիում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փօլ Կալլակէր

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի ու Պաղեստինի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները որոնք դրոշմուեցան 2015-ին ընդհանուր համաձայնութեան ստորագրութեամբ, որ կը հայի Պաղեստինեան ընկերութեան մէջ Եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Յիշողութեան արժանացան ապա Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարը ի սպաս մարդկային արժանապատուութեան զարգացումին եւ կարիքաւորներու օգնութեան յատկապէս դաստիարակչական, առողջական ու աջակցութեան ասպարէզներէն ներս։

Հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ ապա Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացքի մասին, յոյս յայտնելով որ շուտով վերսկսին կողմերու միջեւ բանակցութիւնները, վերջ դնելու համար բռնութեան որ անհանդուրժելի ցաւ կը պատճառէ քաղաքացիներուն ու հասնելու համար մնայուն ու արդար լուծումի։

Այս առընչութեամբ մաղթանք յայտնուեցաւ որ Միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ ձեռնարկուին միջոցներ` խթանելու համար փոխադարձ վստահութիւնը եւ նպաստելու մթնոլորտի մը ստեղծումին` որ թոյլ տայ  համարձակ որոշումներու յանգիլ` յօգուտ խաղաղութեան։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ նաեւ Սուրբ Վայրերու ''սրբազան'' բնոյթի պահպանման կարեւորութիւնը` Աբրահամեան երեք կրօններու բոլոր հաւատացեալներուն համար, յատուկ ուշադրութիւն նուիրելով նաեւ տարածաշրջանը յուզող  այլ հակամարտութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.