2017-01-14 11:20:00

Վանականութիւն (ԻԱ)


Հակազդելու համար վանական հասարակութիւններու մէջ, արդէն իսկ վաղ շրջանին երեւան եկած զեղծումներու երեւոյթին, արդէն չորրորդ դարուն կը կատարուին բարենորոգումներ՝ խիստ կարգաւորումներով։ Եւագր Պոնտացի, որ մահացած է 399 թուականին, կը իւրացնէ Որոգինէսի ուսուցումը։ Այս ուսուցմամբ ան կը հասկնայ նաեւ կրօնաւորական կեանքը։ Եւագր աշակերտած է Գրիգոր Նազիանզացիի եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ 381ին ան մասնակցած է Կոստանդնուպոլսոյ առաջին Տիեզերական Ժողովին։ Կրօնաւորական կեանքի նուիրուելէ առաջ անցուցած է զեխ կեանք։ Ապա, ապաշխարելով, դարձած է կրօնաւոր։ Առաջին անձերէն է, որոնք հաւաքած են անապատականներու ուսուցումները։ Հայերէն թարգմանութեամբ մեզի ծանօթ է Վարք Հարանց հաւաքածոն։ Եւագրի ուսուցման մէջ կը ներկայացուի նաեւ ծանր մեղքերու ցանկը, որ մեզի ներկայիս ծանօթ է իբր եօթ մահացու մեղքեր։ Ան շեշտած է “անտարբերութեան” եւ ապաշխարութեան արցունքներու անհրաժեշտութեան վրայ։ “Անտարբերութիւն” կամ “անզգայութիւն” այստեղ կը նշանակէ՝ զերծ ըլլալ յոյզերէ եւ կիրքերէ, ըլլալ անտարբեր անոնց հանդէպ, ըլլալու համար հոգեպէս ազատ։ Իբր հետեւորդ Որոգինէսի ունեցած է բախումներ Եկեղեցւոյ իշխանութեան հետ։ Իր մահէն ետք, իր կողմնակիցները կ’աքսորուին Եգիպտոսէն եւ ապաստան կը գտնեն Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի մօտ, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Հակառակ իր ծայրայեղ կեցուածքին, Եւագր կը մնայ կարեւոր հեղինակութիւն մը ըլլայ արեւելքի եւ կամ արեւմուտքի վանականութեան համար։

 

Ժամանակի ընթացքին Եգիպտոսի վանքերը կը վերածուին նաեւ շատ յաճախուած ուխտավայրերու։ 407-408 թուականներուն բարբարոս ցեղեր կ’ասպատակեն Եգիպտոս։ Հազարաւոր կրօնաւորներ փախուստ կու տան եւ կ’ապաստանին Պաղեստին։ Երուսաղէմը կը վերածուի կրօնաւորական կարեւոր կենդրոնի մը։ Այնտեղ կը հիմնուին նաեւ լատին վանքեր, ուր կրօնաւորներ ոչ միայն կը վարէին ճգնաւորական կեանք, այլ եւ կը զբաղէին ուսմամբ։

Սուրիոյ մէջ Դ. դարուն արդէն՝ անկախ Եգիպտական կրօնաւորական հոսանքէն, կը կազմուին կրօնաւորական կեանքի նախնական ձեւեր։ Անապատական եւ վանական կեանք կը կիրարկուին իւրայատուկ կերպերով՝ ինչպէս զ. օր. սիւնակեաց ճգնութեամբ։ Սիւնակեացները այն ճգնաւորներն էին, որոնք սիւնի մը վրայ կ’ապրէին աղօթքով եւ ճգնութեամբ։ Հաւատացեալներ երբեմն անոնց ուտելիք կը բերէին։ Ասորիքի ամենէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է Սիմոն Սիւնակեաց (390-459)։ Ասորական շրջանի մէջ Եկեղեցւոյ կառոյցը եւ կրօնաւորութիւնը սերտ կապուած էին իրարու։

Յովհաննէս Ոսկեբերան, որ նախապէս անապատական էր, միշտ մնաց հաւատարիմ այս գաղափարականին։ Եւստաթէոս Սեբաստիոյ Եպիսկոպոսը կը յարի չափազանցուած խստակրօնութեան։ Բարեսղ Մեծ (մահացած 379ին) կրօնաւորական կարգերը կը ներգրաւէ Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ, վերացնելով նաեւ անկազմակերպ երեւոյթները։ Ան կը յօրինէ կանոններ, կատարելով մեծ կազմակերպչական աշխատանք։ Բարսեղ Մեծ համամիտ չէր չափազանցուած խստութեան. վանքը պէտք է ըլլար քրիստոնէական կեանքի կենդրոն, եւ կրօնաւորական հասարակութիւնները՝ օրինակ հոգեւոր կեանքի։ Թէոդոս Կայսեր ժամանակ (379-395) Վանականութիւնը կը հասնի Կոստանդնուպոլիս։ Դժբախտաբար Ե. դարէն սկսեալ վանականներ կը ներգրաւուին դաւանաբանական եւ հերձուածողական վէճերու մէջ, նաեւ խախտելով վանական կեանքի անդորրը։

Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են բոլոր ուղղութիւններու հետեւող կրօնաւորներ։ Հոն կը տեսնենք ծայրայեղ ճգնութեան հետեւող անհատներ, կարգաւորեալ հասարակաց կեանք վարող միաբաններ եւ հովուական եւ բարեսիրական առաքելութեան նուիրեալներ։ Մեր հոգեւոր հեղինակները մեծ դրուատիքով խօսած են բոլորի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.