2017-01-14 12:45:00

Ոչ եւս է 95 ամեայ Զուիցերացի Կարդինալ Ժիլպեր Ակուսթոնի։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 յունուար 2017-ին` 95 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Ժիլպերթօ Ակուսթոնի, Առաքելական վերին դատարանի երբեմնի կառավարիչ։ Անոր մահով կարդինալական դասի անդամներու թիւը կ՛իջնէ 226-ի, որոնցմէ 120-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ մինչ 106-ը ոչ ընտրող։

Կարդինալ Ակուսթոնի ծնած էր Զուիցերիոյ Պազէլ թեմի Շաուֆհաուսըն քաղաքին մէջ 26 Յուլիս 1922-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 20 ապրիլ 1946-ին եւ 1950-ի Յուլիս մէկին` կը փոխադրուի վատիկան ուր կը պաշտօնավարէ զանազան գրասենեակներու մէջ, եւ 6 Յունուար 1987-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետի ձեռքով կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը մինչ կարդինալական տիտղոսին կ՛արժանանայ` 26 նոյեմբեր 1994-ին։ 

Հանգուցեալ Ծիրանաւորին յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 17 յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ նախագահութեամբ Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին։ Յուղարկաւորութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ ի լուր կարդինալ Ակուսթոնիի մահուան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց, որուն մէջ յայտնեց իր ցաւն ու մօտիկութիւնը հանգուցեալի բոլոր սիրելիներուն, վեր առնելով երջանկայիշատակ կարդինալին նուիրումի հոգին` ի սպաս եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա ամենակալ Աստուծմէ հայցեց որ` Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, երջանկայիշատակ կարդինալին շնորհէ վերջնական հանգիստ, եւ իր առաքելական օրհնութիւնը ուղարկեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.