2017-01-13 09:22:00

Կրօնքները լծակ են՝ խթանելու համար խաղաղութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը:


(Ռատիօ Վատիկան) Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ԵԱՀԿի օրակարգին գագաթնակէտը ըսած է գերապայծառ Եանուս Ուրպանչուք, ԵԱԽԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչը, որ ելոյթ ունեցած է Վիեննայի մէջ, կազմակերպութեան 1127րդ լիագումար նիստին առիթով։ Գերապայծառ Ուրպանչուք յիշեցուցած է 2017 տարւոյն սկզբին կատարուած ահաբեկչական արարքները եւ հակամարտութիւնները, եւ բացատրած է թէ այս մտահոգիչ իրականութիւնը մեզ կը մղէ գործելու, մերժելու բռնութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս արդէն ընդգծած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, զէնքերու ուժը խաբուսիկ է։ Սուրբ Աթոռը կը փափաքի անգամ մը եւս շեշտել կրօնքներու շինիչ դերին վրայ, որ անոնք կրնան կատարել, մասնաւորապէս հակամարտութիւններու կանխարգելման հեռանկարով, յետպատերազմեան ընկերութեան մը հաշտութեան եւ վերակառուցման մէջ։

Նկատի առնելով հակամարտութիւններէ, հալածանքներէ եւ աղքատութենէ փախուստ տուող ժողովուրդներու ողբերգութիւնը, պետութիւնները պարտականութիւնն ունին գաղթականներուն եւ փախստականներուն երաշխաւորելու հիմնական ազատութիւնները, որոնց կարգին նաեւ կրօնական ազատութիւնը։ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը, որ կʼանցնի Աւստրիոյ, պէտք է դիմագրաւէ այն մարտահրաւէրները, որ կապուած են կենսոլորտային տագնապներուն եւ այն ճգնաժամային վիճակներուն, որոնք կը սնուցանեն անհանդուրժողութիւն ու խտրականութիւն՝ նաեւ իսլամներու, քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնքներու անդամներուն միջեւ։ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը վերագրէ կրօնքներու միջեւ կատարուած երկխօսութեան եւ համագործակցութեան՝ ի նպաստ փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղութեան խթանումին - յայտնած է գերապայծառ Ուրպանչուք։








All the contents on this site are copyrighted ©.