2017-01-13 09:45:00

Զախարովա. «Սուրիոյ վերաբերեալ Ասթանայի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 Յունուարին»


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հեռաձայնային անջատ հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց Ասթանայի մէջ նախատեսուած միջսուրիական բանակցութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զինադադարը հաստատելու հարցը:

Մինչ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններու թուականը չէ ճշդուած, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ այդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 յունուարին, եւ «ոչ ոք մինչեւ հիմա այդ թուականին այլընտրանքային թուական մը չառաջարկեց»:

«Կը յուսանք, որ Ասթանայի հանդիպումը խաղաղութեան ճամբուն վրայ նոր հանգրուան մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ խթանէ բոլորին կողմէ Ժընեւի մէջ քաղաքական հոլովոյթը վերսկսելու ուղղութեամբ շինիչ աշխատանքը», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը զինելու որոշումը որդեգրած է` լուծելու համար Ուաշինկթընի քաղաքականութեան ձախողութեան վրէժը:








All the contents on this site are copyrighted ©.