2017-01-13 08:36:00

Առաքելական Եկեղեցին Յունուար 13-ին կը նշէ Յիսուսի Անուանակոչութեան տօնը։


Ս. Ծննդեան ութերորդ օրը Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնն է Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատգամին համաձայն, որ տեղի ունեցաւ Աւետումին օրը,Յովսէփ եւ Մարիամ նորածին Յիսուսը տարին տաճար, հրէական օրէնքի համաձայն, թլփատել տուին եւ անունն ալ դրին Յիսուս։

Յիսուս անունը կը նշանակէ Փրկիչ, իսկ Քրիստոս՝ Օծեալ Տէր։ Յիսուս կ՛անուանուի նաեւ հետեւեալ անուններով  Մեսիա, Քրիստոս, Էմմանուէլ,Փրկիչ,Մեծ Վարդապետ.

Հրեաներու մօտ սովորութիւն էր արու զաւակներու Աբրահամեան սերունդի եւ աստուածային ուխտի դրոշմը տալու համար, թլփատել զանոնք, նոյն միջոցին նաեւ երախային տալով նոր անունը`, այսինքն անուանակոչումը:

Թլփատումը, հրեաներու համար Եհովայի եւ Աբրահամի միջեւ կնքուած «ուխտ»ի յիշատակութիւնն է։

Քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական շրջանին, նորադարձ  քրիստոնեայ հրեաներ շարունակեցին պահել իրենց այս աւանդութիւնը, որը աւելի վերջ Պօղոս առաքեալի կողմէ արգիլուեցաւ։

Յիսուսի թլփատութիւնով  կը յարգուէր հաստատուած աւանդութիւն մը: Հայաստանեայց եկեղեցին,Յիսուսի Քրիստոսի  Անուանակոչութեան եւ Թլփատութեան տօնը կը նշէ Յունուար 13-ին՝ որպէս անշարժ տօն, իսկ կաթոլիկ եկեղեցին՝ Յունուար 1-ին

Նշենք, որ Յունուար 13-­ը համարժէք է Դեկտեմբեր 31-­ին: Յուլիոս կայսեր սահմանած Հուլեան տոմարէն ետք, նոր` Գրիգորեան տոմարը, հաստատուած է 1582 Հոկտեմբերին: Հռոմի Գրիգոր 13­-րդ պապը նկատած է, որ Հուլեան (հին) տոմարը մինչեւ 16-­րդ դարը տուած է 10 օրուան տարբերութիւն: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարէն: Գրիգոր 13­րդ պապը՝ հմուտ աստղաբաշխներու, ժամանակի յայտնի աստղագէտներու եւ մաթեմատիկոսներու օգնութեամբ հաստատած է նոր տոմարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.