2017-01-12 09:09:00

Նիճերիա. Աւելի քան 800 անհատներ սպաննուած եւ 16 եկեղեցիներ կործանուած։


(Ռատիօ Վատիկան) Նիճերիայի Քատունա շրջանին մէջ նախորդ տարուան ընթացքին ուժեղացած են ահաբեկիչներու արարքները։ Ահաբեկիչները կը պատկանին Ֆուլանի վաչկատուն խումբին։

Գերապայծառ Ճոզեֆ Տանլամի Պակոպիրի, Քաֆանչանի եպիսկոպոսը «Տառապեալ Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կազմակերպութեան տեղեկացուցած է, թէ Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ 53 գիւղեր հրկիզուած են, 808 անհատներ սպաննուած, 57 վիրաւորուած, 1422 տուներ եւ 16 եկեղեցիներ քանդուած են։

Ահաբեկչական այս խմբակի մասին տակաւին մեծ ծանօթութիւն չկայ։

2014 թուականէն սկսեալ, Նիճերիայի մէջ 12000 քրիստոնեաներ սպաննուած են, եւ 2000 եկեղեցիներ քանդուած են։

Գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի Պոքօ Հարամ ահաբեկչական կազմակերպութեան, թէեւ այդ միակ ահաբեկչական խմբակցութիւնը չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.