2017-01-12 09:11:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին


Արամ Ա. կաթողիկոս Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին յղած իր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի մահուան տխուր առիթով:

Վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ յիշելէ ետք իր ունեցած երկու հանդիպումները հանգուցեալին հետ, շեշտեց, թէ Ռաֆսանճանի կարեւոր ներդրում բերած է Իրանի Հանրապետութեան յառաջդիմութեան եւ միջազգային յարաբերութեան զարգացման մէջ:

Յայտնենք, թէ յանուն վեհափառ հայրապետին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու, այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին, անձամբ փոխանցելու համար վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւններն ու ցաւակցագիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.