2017-01-11 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քրիստոնէական Յոյսի մասին խորհրդածութիւնը. ''Տիրոջ Վստահիլ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 Յունուար 2017-ի առաւօտեան­ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին չորեքշաբթի օրուայ իր խորհրդածութիւնները ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան տօնին որ ''Աստուծոյ ժողովուրդին կը ներշնչէ յոյս'', հաստատեց թէ  յոյսը մարդկային հիմնական կարիք մըն է. յուսալ ապագային, հաւատալ կեանքին ու դրական մտածում ունենալ։

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սաղմոսերգուին հրաւէրին վրայ ուղղուած Իսրայէլին վստահելու Աստուծոյ եւ զգուշանալու սուտ յոյսերէն եւ կուռքերէն։

Հաւատալ կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ, ըսաւ Քահանայապետը, սակայն հաւատքի ուղեւորութեան ընթացքին կան պահեր ուր դէմ յանդիման կը գտնուինք կեանքի դժուարութիւններուն հետ ու մարդս կը փորձարկէ իր վստահութեան դիւրաբեկութիւնը ու կը սկսի կարիքը զգալ այլ ու շօշափելի վստահութիւններու` որոնք զինք կը մղեն վաղանցուկ մխիթարութիւններ փնտռելու, ինչպէս է դրամը, իշխանութիւնը, աշխարհիկ հոգին ու սուտ կուռքերը։ Կը փնտռենք աստուած մը որ կը հպատակի մեզի ու մեր իղձերուն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ մէջբերեց 115 սաղմոսէն խօսքեր.

Նրանց կուռքերն արծաթ ու ոսկի են. Մարդի ձեռքի գործեր. Բերան ունին եւ չեն խօսում, աչքեր ունին եւ չեն տեսնում. Ականջներ ունին եւ չեն լսում. Քիթ ունին եւ հոտ չեն առնում. Ձեռքեր ունին եւ չեն շօշափում. Ոտքեր ունին եւ չեն գնում. Եւ իրանց կոկորդովը ձայն չեն հանում։Նրանց շինողներն էլ նրանց նման են, եւ այն ամէնքը, որ յոյս են դնում նրանց վրայ։

''Գաղափարախօսութիւնները իրենց բացարձակի պահանջով, հարստութիւնը, իշխանութիւնը, ամէն գնով յաջողութիւնը, յաւերժութեան եւ իշխանութեան պատրանքը, առողջութեան եւ ֆիզիկական գեղեցկութեան արժէքները երբ կը դառան կուռքեր` որոնց առջեւ կը զոհենք ամէն ինչ, շփոթութեան կը մատնեն մեր միտքն ու սիրտը ու փոխանակ կեանքի` մահուան կ՛առաջնորդեն'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Սաղմոսերգուին պատգամը այս առընչութեամբ յստակ է. ''եթէ մեր յոյսը դնենք կուռքերու վրայ անոնց նման կը դառնանք` ձեռքեր որոնք չեն շօշափեր, ոտքեր որոնք չեն քալեր, բերաններ որոնք չեն խօսիր...ոչինչ կարող ենք ընել եւ անկարող կը դառնանք ժպտալու, նուիրուելու ու սիրելու, ըսաւ Ան, զգուշացնելով նաեւ Եկեղեցականները ''աշխարհիկութեան'' սպառնալիքէն, հրաւիրելով մնալ աշխարհի մէջ սակայն պաշտպանուիլ աշխարհիկ պատրանքներէն։

Հարկաւոր է վստահիլ Աստուծոյ վրայ եւ յուսալ Անոր ու Ան մեզ պիտի օրհնէ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով դարձեալ սաղմոսերգուին խօսքերը. Ով Իսրայէլ, յուսա Տիրոջը,  նրանց օգնութիւնը եւ վահանը նա է։ Ով Ահարոնի տուն, յուսացէք Տիրոջը, նրանց օգնութիւնը եւ վահանը նա է։ Ով Տէրից վախեցողներ, յուսացէք Տիրոջը. Նրանց օգնութիւնը եւ վահանը նա է։ Տէրը յիշում է մեզ. Նա կ՛օրհնէ՝ նա կ՛օրհնէ Իսրայէլի տունը, նա կ՛օրհնէ Ահարոնի տունը։

Վստահելով Տիրոջ կը դառնանք Անոր նման ու անոր օրհնութիւնը մեզ կը դարձնէ իրեն զաւակներ որոնք կը կիսեն իր կեանքը։ Աստուծոյ վրայ մեր յոյսը, մեզ կը ներմուծէ անոր յիշողութեան մէջ, որ մեզ կ՛օրհնէ ու կը փրկէ եւ այդ պահուն կը բարձրանայ Ալէլուիան,  փառաբանութիւն ճշմարիտ ու կենդանի Աստուծոյ` որ մեզի համար ծնաւ Մարիամէն, մեռաւ խաչին վրայ ու յարութիւն առաւ փառքի մէջ։ Մենք այդ Աստուծոյն վրայ է որ յոյս ունինք եւ այս Աստուածը, որ կուռք մը չէ, երբեք մեզ հիասթափ չի թողուր - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք փոխանցելով Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած ուխտաւորներուն­,  յատուկէն ողջունելով հուսկ երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները­, հրաւիրելով առաջինները ամէն օր վերագտնելու Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդէն բխող շնորհքը, հիւանդները խրախուսելով Սուրբ Մկրտութեան շնորհքի մէջ գտնելու ուժը դիմագրաւելու համար յուսահատութեան ու տառապանքի պահերը եւ նորապսակներուն յորդորելով Մկրտութեան խորհուրդի յանձնառումները դարձնել ընտանեկան կեանքի ուղեւորութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.