2017-01-11 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հռոմի ''Սեթթեվիլլէ Սանթա Մարիա'' ժողովրդապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, կիրակի 15 յունուարին՝ յետմիջօրէին, պիտի այցելէ Հռոմի արուարձանները գտնուող Կուիտոնիա շրջանի ''Սեթթեվիլլէի Սանթա Մարիա'' ժողովրդապետութիւն։ 

Վերոնշեալ այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը  յատուկէն պիտի այցելէ եւ իր աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ   ժողովրդապետութեան  փոխ ժողովրդապետ՝ 47 ամեայ Հայր Ժուզեփփէ Պերարտիոյին,  որ երկար տարիներէ ի վեր   ծանր  հիւանդութեան մը պատճառաւ անկողինի մէջ անշարժ վիճակի մէջ կը գտնուի։

''Ֆրանչիսկոս Պապի  սոյն այցելութեան  լուրը ,  ժողովրդապետութեան  հասարակութեան կողմէ  մեծ ուրախութեամբ եւ անակնկալ կերպով ընկալուած է''  յայտնած է  Սանթա Մարիա ժողովրդապետութեան հովիւ՝ Հայր լուիճի Թեոտոլի,Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցին  մը ընթացքին։

Հայր Լուիճի ,  որ  21 տարիէ ի վեր կը ծառայէ  Սանթա Մարիա  ժողովրդապետութեան մէջ, խօսելով  իր օգնական հիւանդ վարդապետին մասին ­ յայտնած է թէ   ''Հայր Ժուզեփփէն  իրեն  համար զաւակի նման է ։Ան ապա պատմած է թէ հիւանդ քահանան  ժողովրդապետութիւն հասած է 14 տարիներ առաջ` երբ  տակաւին նորընծայ  էր։ 11 մայիս 2003-ին, հայր Ժուզեփփէ Քահանայ կը ձեռնադուի  եւ երկու տարի ետք, արկածի մը հետեւանքով, ի յայտ կու գայ  ծանր հիաւանդութիւն մը, որ զինք կը մատնէ  անշարժութեան։  Հիւանդ Քահանան  շատ սիրուած է  ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն կողմէ  ու յատկապէս երիտասարդներէն,  որոնք որոշած են նաեւ հոգալ անոր խնամակալութիւնը։

՝՝Սեթթեվիլլէի Սանթա Մարիա՝՝ ժողովրդապետութիւնը երիտասարդ ժողովրդապետութիւն մըն է,  հիմնուած է քառասուն տարիներ առաջ մինչ՝ եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 15 Յունուար 2000-ին։ Ժողովրդապետութիւնը ունի կենսունակ եւ աշխոյժ հասարակութիւն,  անոր մաս կը կազմեն 6 հազար հաւատացեալներ,  որոնց 20 առ հարիւրը գործօն կերպով կը մասնակցին ժողովրդապետութեան կեանքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.