2017-01-11 08:49:00

Հրապարակուած է զէնք արտադրող մեծագոյն երկիրներուն ցանկը


«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով Քոնկրեսի հետազօտական ծառայութեան կողմէ անցեալ շաբաթ օրէնսդիրներուն ներկայացուած զեկուցումը, կը հաղորդէ, որ 2015-ի ընթացքին զինուորական արտադրութիւն արտածող երկիրներու ցանկին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւեն Միացեալ Նահանգները, որոնց կը յաջորդեն Ֆրանսան եւ Ռուսիան:

Միացեալ Նահանգներ 2015-ին ստորագրած են շուրջ 40 միլիառ տոլարի զէնքի վաճառքի վերաբերեալ համաձայնագիրներ կամ զէնքի միջազգային շուկայի բոլոր համաձայնագիրներու կէսը` գրաւելով ցանկին առաջին դիրքը: Միացեալ Նահանգներուն կը հետեւի Ֆրանսան, որ վաճառած է 15 միլիառ տոլարի զէնք:

2015-ին, Ռուսիոյ եկամուտները կազմած են 11,1 միլիառ տոլար: 2014-ի եկամուտները կազմած էին 11,2 միլիառ տոլար: Զեկուցումին համաձայն, ռուսական զէնքերը հիմնականին մէջ վաճառուած են լատինամերիկեան երկիրներուն, մասնաւորաբար Վենեզուելային:

Չինաստանի եկամուտը 2015-ին կազմած է 6 միլիառ տոլար:

2015-ին զէնքի մեծագոյն գնողները եղած են Քաթարը, որ ստորագրած է աւելի քան 17 միլիառ տոլարի համաձայնագիրներ, Եգիպտոսը, որ համաձայնած է 12 միլիառ տոլարի զէնք գնել, եւ Սէուտական Արաբիան, որ ձեռք բերած է զինուորական նշանակութեան 8 միլիառ տոլար արժողութեամբ արտադրանք:

Հակառակ անոր որ միջազգային մակարդակով լարուածութիւնները եւ ահաբեկչական սպառնալիքները չեն նուազած, սակայն ամբողջ աշխարհին մէջ զէնքի վաճառքի ծաւալները 9 միլիառի անկում արձանագրած են` 2014-ի 89 միլիառ տոլարէն 2015-ին հասնելով 80 միլիառ տոլարի:








All the contents on this site are copyrighted ©.