2017-01-10 10:45:00

Սրբագործուած մեր հոգին՝Յիսուսի Պսակ


Զգուշացէք մարդոցմէ, որովհետեւ պիտի մատնեն ձեզ ատեաններուն եւ պիտի ձաղկեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ։ Պիտի տանին ձեզ դատաւորներու եւ թագաւորներու առջեւ իմ պատճառովս, որպէսզի վկայութիւն տաք յանդիման անոնց եւ հեթանոսներուն։ (Մատթէոս 10, 17 – 18)

Սուրբ Հոգի, դու՛ն   որ  սուրբ Ստեփանոսին ներշնչեցիր  զինք հալածողներուն դիմաց եւ իր մահուան պահուն արտասանելիք խօսքերը,  ինծի ալ ներշնչէ աղօթքիս խօսքերը։  Թող ամփոփումի այս պահը  արտօնէ ինծի հաւատքի մէջ տեսնելու Աստուած եւ վկայելու այդ մասին, այնպէս ինչպէս ըրաւ սուրբ Ստեփանոս։

Յիսու՛ս՝ օգնէ ինծի  ծնելու նոր կեանքով մը,  կեանք մը  կենսաւորուած Սուրբ Հոգիէն։  Դուն, որ կ’ուզես զիս դարձնել սուրբ մը եւ աւետարանող մը, այնպէս ինչպէս ըրիր սուրբ Ստեփանոսին,  հնազանդ դարձուր զիս եւ   կեանք պարգեւէ վերէն։

Ան շրջապատուած է աղքատութեամբ եւ միայն պարզ մարդիկը գիտցան զինք ճանչնալ։ Ան թագաւոր է եւ սակայն ո՛չ պալատ, ո՛չ գահ եւ ո՛չ ալ թագ ունի։ Կամ, աւելի ճիշդը, ամէն ինչ ունի, սակայն իր իրաւունքը չի պահանջեր։ Մեր սիրտն ու հոգին իր պալատն ու գահն են, եւ  մեր յօժար կամքով , կը ցանկայ հոն թագաւորել։ Յիսուս ունի նաեւ թագ մը։  Ոչ փշապսակ մը՝ զոր պիտի կրէ յետագային,  իբրեւ ծաղրանքի եւ ցաւի խորհրդանիշ՝ նուիրուած մեզի համար։ Ոչ ալ մրցումէ ետք մարզիկները վարձատրող դափնեպսակ մը։ Յիսուսի թագը, որ իր վարձատրութիւնն է մեզի համար բոլոր կատարածներուն,  իրականութեան մէջ մեր սրբագործուած սիրտն է։ Մենք իր վարձատրութիւնը եւ ուրախութիւնն ենք։

Ստեփանոս, որուն անունը «պսակ» կը նշանակէ (յունարէն՝ “Stephanos”),  ծագումով յոյն հրեայ մըն էր։ Ուրիշ վեց աշակերտներու հետ ան ընդունեց ամէնէն չքաւորներու սեղանին սպասաւորել եւ այս կերպով դարձաւ սարկաւագ։ Ստեփանոս  լիացած էր Սուրբ Հոգիով եւ  մեծ իմաստութեամբ նուիրուեցաւ  քարոզութեան։  Սակայն,  այս «յաջողութիւնը» չէ որ Ստեփանոսը դարձուց Յիսուսի  առաջին պսակը։ Ստեփանոսին մօտ այն ինչ որ հաճելի թուեցաւ Յիսուսին իր հնազանդութիւնը եղաւ Սուրբ Հոգիին։  Իբրեւ սարկաւագ ընտրութեան առաջին պահէն սկսեալ մինչեւ իր դահիճներուն թողութիւնը,  Ստեփանոս հետեւեցաւ Սուրբ Հոգիի ներշնչումներուն։ Հոգիին շնորհիւ է որ, իր գործերով, խօսքերով եւ իր արեամբ, կրցաւ  վկայութիւն կատարել։ «Ձեր Հօր հոգին պիտի խօսի ձեր մէջ»։ Անոր թշնամիները «սկսան վիճիլ Ստեփանոսին հետ, սակայն առանց  կարենալ դիմադրելու անոր իմաստութեան եւ Սուրբ Հոգիին, որոնք խօսիլ կու տային իրեն»։

Ստեփանոսին մահը կը  սանձազերծէ մեծ հալածանք մը.  Ասիկա Գործոց գիրքին մէջ առաջ եւ ետքի մը յատկանիշն է։

Հալածանքը պատճառ կը դառնայ Յիսուսի աշակերտներու ցրուումին եւ  այս կերպով Բարի Լուրի հռչակումին Երուսաղէմէն անդին։ Այս հալածանքի, ցրուումի, նոր քարոզութեան ուրուագիծը բազմաթիւ անգամներ կը յայտնուի Գործք Առաքելոցին մէջ։   Փորձութեան պահերը,  այն առիթները ուր մեր վկայութիւնը ամուլ կը թուին՝ կրնան,  սակայն, փոփոխութեան ուժեղ պահերը ըլլալ։  Սուրբ Հոգին որ կը վերանորոգէ՝ կ’օգտուի  երեւութապէս պարտութիւններէն, նոր թափ տալու համար։ Առաջնորդուի՛նք Հոգիով։

Զրոյց Քրիստոսի հետ։

Յիսուս, կ’ուզեմ քեզ փառաբանել իմ կեանքովս։ Կ’ուզեմ քու պսակդ ըլլալ։  Առիթը տուր ինծի քեզ սիրելու այնպէս ինչպէս դուն կ’ուզես որ քեզ սիրեմ, որովհետեւ գոյութիւն ունի միայն մէկ անձ որ կրնայ քեզ սիրել  իմ սրտովս եւ այդ անձը՝ ես եմ։ Թող Սուրբ Հոգին ներշնչէ ինծի ինչպէս սիրել քեզ եւ թող  բոցավառէ իմ սիրտս իր թելադրանքները  գործի վերածելու համար։

Ծնունդի այս օրերուն, ուր պահեր կ’անցընենք ընտանեօք, ուշադիր պիտի ըլլամ Սուրբ Հոգիին իր ներշնչումով բանիւ, գործով  եւ աղօթքներով վկայելու համար Աստուծոյ սէրը հանդէպ ընտանիքիս անդամներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.