2017-01-10 09:27:00

ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահները դատապարտած են տարեմուտին Ատրպէյճանական յարձակման փորձը


ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ Դեկտեմբեր 29-ին ատրպէյճանական յարձակման փորձին վերաբերեալ:

«Երեւանն ու Պաքուն կը շարունակեն իրար մեղադրել 2016 թուականի Դեկտեմբեր 29-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին պատահած ներխուժման փորձին համար, որուն հետեւանքով զոհեր եղան:

Հայաստանի զինուած ուժերը դեռ կը պահեն մարտի ընթացքին սպաննուած ատրպէյճանցի զինծառայողի դին: Հրադադարի խախտումը անընդունելի է եւ կը հակասէ կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Համանախագահները Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն կոչ կ՝ընեն խստօրէն պահպանելու 2016 թուականին բարձր մակարդակով Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները` ներառեալ կարճ ժամանակի ընթացքին միջադէպերու հետաքննման ԵԱՀԿ կառուցակազմի ստեղծումը:

Համանախագահները նաեւ կոչ կ՝ընեն անյապաղ վերադարձնելու աճիւնները` 2010 թուականին բարձր մակարդակով Աստրախանի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համապատասխան` հաշուի առնելով տուեալ հարցի բացառապէս մարդասիրական բնոյթը:

Մենք կողմերուն կոչ կ՝ընենք դադրեցնելու փոխադարձ մեղադրանքներն ու ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը՝ իրավիճակը կայունացնելու համար:

Համանախագահները իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, որոնց համար Նոր տարուան հետ կապուած յոյսերը մթագնեցան՝ անիմաստ կորուստի վշտէն








All the contents on this site are copyrighted ©.