2017-01-10 09:32:00

Գամիշլիի մէջ ականահարուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ


Յունուար 9-ի ուշ երեկոյեան, Գամիշլիի Սապաա Պահրաթ շրջանին մէջ, Նամակատան Տնօրէնութեան դիմաց, պայթած է ականապատուած ինքնաշարժ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով սուրիական «Ախպարիէ» կայանին փոխանցած տեղեկութիւնները։

Աղբիւրին համաձայն՝ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան








All the contents on this site are copyrighted ©.